Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց. «Եթէ Իսրայէլ ուզէ համապարփակ պատերազմ մղել, մենք անոր պատրաստ ենք»:
«Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ պատերազմի որեւէ ընդլայնում պիտի յանգեցնէ Իսրայէլի մէջ աւերի, քանդումի եւ տեղահանութեան», շեշտեց շէյխ Քասեմ:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Դիմադրութիւնը պատրաստ է ճակատամարտին, եւ Իսրայէլին պիտի չարտօնէ որեւէ յաղթանակ արձանագրել»:
«Մեր որոշումը պատերազմը չընդլայնելն է, սակայն զայն պիտի մղենք, եթէ մեզի պարտադրուի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Անցնող երկու ամիսներուն մեզի սպառնալիքներ հասան, եւ մեր պատասխանն էր, որ Լիբանանի ճակատը Կազային կապուած է»:
«Իսրայէլի հետ Լիբանանի սահմանէն «Ռատուան» ուժերու (Հըզպալլայի մասնայատուկ ուժեր, «Ա.») հեռացման մասին խօսքերը ճիշդ չեն», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը` նշելով. «Ճակատամարտի բնոյթին համահունչ մեր կարողականութեան մէկ փոքր բաժինը օգտագործեցինք»:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հանդարտեցման առաջարկները զուրկ են առարկայականութենէ, եւ անոր առաջարկը ներամերիկեան ընտրական է», ըսաւ շէյխ Քասեմ` աւելցնելով. «Կազայի մէջ իսրայէլեան պատերազմը դադրեցնելու ամերիկեան լուրջ որոշում չկայ»:


