Լիբանանեան

Քենաանի. «Դիմադրութիւնը Ձեռնածալ Պիտի Չմնայ, Եթէ Սիոնական Գոյացութիւնը Լիբանանի Մէջ Որեւէ Արկածախնդրութեան Դիմէ»

Քենաանի. «Դիմադրութիւնը Ձեռնածալ Պիտի Չմնայ, Եթէ Սիոնական Գոյացութիւնը Լիբանանի Մէջ Որեւէ Արկածախնդրութեան Դիմէ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց. «Դիմադրութիւնը ձեռնածալ պիտի չմնայ, եթէ սիոնական գոյացութիւնը Լիբանանի մէջ որեւէ արկածախնդրութեան դիմէ»: «Սիոնական գոյացութեան կառավարութեան մէջ իրերայաջորդ հրաժարականները անոր ներսէն քայքայումը ցոյց կու տան», նշեց Քենաանի: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը իր շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Չկայ որեւէ ապացոյց, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Կազայի մէջ զինադադարի հասնելու առնչութեամբ լուրջ է կամ...

Այն Թինէ Այցելելէ Ետք.  «Համաձայնեցանք, Որ Փոխհասկացողութիւնը  Ընտրութենէն Աւելի Լաւ Է, Եւ Կարեւորագոյնը Ընտրութեան  Ապահովման Կողքին Իշխանութեան  Յաջողութիւնը Ապահովելն Է»  Կ՛ըսէ Պասիլ

Այն Թինէ Այցելելէ Ետք. «Համաձայնեցանք, Որ Փոխհասկացողութիւնը Ընտրութենէն Աւելի Լաւ Է, Եւ Կարեւորագոյնը Ընտրութեան Ապահովման Կողքին Իշխանութեան Յաջողութիւնը Ապահովելն Է» Կ՛ըսէ Պասիլ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց. «Անդրադարձ կատարուեցաւ անհրաժեշտ օրէնսդրութիւններուն եւ զանոնք քննարկելու կարեւորութեան, եւ յայտնեցինք, որ նախագահի ընտրութեան թղթածրարը չենք կապեր հարաւային Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւններուն»: «Համաձայնեցանք, որ փոխհասկացողութիւնը ընտրութենէն շատ աւելի լաւ է, եւ կարեւորագոյնը ընտրութեան ապահովման կողքին իշխանութեան յաջողութեան ապահովումն է», նշեց...

Հըզպալլան Իսրայէլեան Կարեւոր Թիրախներ  Հարուածեց Եւ Վար Առաւ Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Հըզպալլան Իսրայէլեան Կարեւոր Թիրախներ Հարուածեց Եւ Վար Առաւ Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Հըզպալլա երէկ յայտարարեց, որ անօդաչու թռչող սարքերու տորմիղով մը յարձակում գործած է իսրայէլեան բանակի թիւ 146 խումբին Նահարիայի արեւելքը գտնուող նորաստեղծ հրամանատարական կեդրոնին վրայ` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Հըզպալլա աւելի ուշ նաեւ հաղորդեց, որ ականուած անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած է Կոլանի թիւ 210 խումբին հրամանատարական դիրքի մը վրայ, ուր կը գտնուէին իսրայէլեան բանակէն սպաներ եւ զինուորներ` հաստատ կորուստներ պատճառելով...

Միքաթի Կ՛այցելէ Յորդանան` Մասնակցելու Համար Կազայի Մէջ Մարդասիրական Հրատապ Արձագանգման Խորհրդաժողովին

Միքաթի Կ՛այցելէ Յորդանան` Մասնակցելու Համար Կազայի Մէջ Մարդասիրական Հրատապ Արձագանգման Խորհրդաժողովին

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հասաւ Յորդանան` մասնակցելու համար «Կազայի մէջ մարդասիրական հրատապ արձագանգումը» խորհրդաժողովի երկօրեայ աշխատանքներուն: Միքաթի խորհրդաժողովին կը մասնակցի ընդառաջելով Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորի, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի միացեալ հրաւէրին: Վարչապետի պաշտօնակատարին կ՛ընկերակցի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպն ու կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար...

Լը Տրիան Այցելեց Վատիկան` Քննարկելու Համար Լիբանանի Հարցը

Լը Տրիան Այցելեց Վատիկան` Քննարկելու Համար Լիբանանի Հարցը

Ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան 8 յունիսին յայտարարեց. «Երէկ Վատիկան էի` իբրեւ Ֆրանսայի նախագահի անձնական պատուիրակ` Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Կարտինալ Փարոլինի եւ Վատիկանի` պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ընդհանուր քարտուղար Փոլ Ռիչըրտ եպս. Կալակըրի հետ քննարկելու համար Լիբանանի հարցը»: Նշենք, որ Լը Տրիան Վատիկան այցելելէ առաջ այցելած էր Լիբանան եւ քննարկած նախագահի ընտրութեան թղթածրարը:

Քանի. «Եթէ Սիոնականները Կ՛ուզեն Կազայի Ճահիճէն Ելլելով Լիբանանեան Հորը Իյնալ, Ես Անոնց Կը Յորդորեմ Ատիկա Չընել»

Քանի. «Եթէ Սիոնականները Կ՛ուզեն Կազայի Ճահիճէն Ելլելով Լիբանանեան Հորը Իյնալ, Ես Անոնց Կը Յորդորեմ Ատիկա Չընել»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքրի Քանի յայտնեց, որ իր երկիրը յանձնառու է իր ուժը օգտագործելու շրջանի անկայուն պայմաններուն մէջ Իսրայէլը զսպելու համար` բացայայտելով, որ իր երկիրը ձեռնածալ պիտի չմնայ, եթէ Լիբանանի հետ պատերազմ ծագի: Պաքրի Քանի Թուրքիա իր այցելութեան ժամանակ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախումի մագլցումին յայտարարեց. «Անոնք (իսրայէլացիները, «Ա.») պէտք չէ 2006...

Պասիլ. «Բոլորին Հետ Կապ Պիտի Հաստատենք` Ներկայացնելու Որոշակի Գաղափարներու Փաստաթուղթ Մը»

Պասիլ. «Բոլորին Հետ Կապ Պիտի Հաստատենք` Ներկայացնելու Որոշակի Գաղափարներու Փաստաթուղթ Մը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ: Պասիլ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Ոմանք կրնան ըսել, որ Պասիլը օգնութիւն կ՛ուզէ եւ ժամադրութիւն կը խնդրէ, եւ իրեն պիտի չտանք. հարցը այդ չէ: Բոլորին հետ կապ պիտի հաստատենք` ներկայացնելու որոշակի գաղափարներու փաստաթուղթ մը, որուն եթէ յանձնառու դառնանք, (նախագահի) ընտրութեան իրողական նիստերու լուրջ առիթ...

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Դեսպանատան Վրայ Զինեալ Յարձակում

Ըստ ԱՖՓ-ի. Ամերիկեան Դեսպանատան Վրայ Զինեալ Յարձակումի Հարցով Կալանաւորուածներուն Թիւը Բարձրացաւ 20-ի

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին անցեալ չորեքշաբթի օր Աուքարի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան վրայ զինեալ յարձակումին շուրջ հետաքննութեան հսկող լիբանանեան արդարադատական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ամերիկեան դեսպանատան վրայ զինեալ յարձակումի հարցով կալանաւորուածներուն թիւը բարձրացած է 20-ի: Անոնց շարքին է յարձակումին հեղինակը` սուրիացի Քայս Ֆարրաժը, որ տակաւին Պէյրութի զինուորական հիւանդանոցին մէջ դարմանումի...

Մոսատի Նախկին Պաշտօնատար Մը Կը Զգուշացնէ «Իսրայէլէն Աւելի Լաւ Մարտավարական Հետախուզութիւն Ունեցող» Հըզպալլայի Հետ Պատերազմէն

Մոսատի Նախկին Պաշտօնատար Մը Կը Զգուշացնէ «Իսրայէլէն Աւելի Լաւ Մարտավարական Հետախուզութիւն Ունեցող» Հըզպալլայի Հետ Պատերազմէն

Իսրայէլեան արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի եւ անոր գործողութիւններու նախկին ղեկավար Հայիմ Թոմր յայտնեց. «Հըզպալլան ստեղծեց սպառնալիք մը, որ չէինք երեւակայեր, եւ իսրայէլեան բանակը անոր որեւէ հակադարձութիւն չունի»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը: «Իսրայէլեան օդուժը այլեւս Լիբանանի վերեւ աշխատելու ազատ չէ», ըսաւ ան` նշելով. «Հըզպալլան Իսրայէլէն աւելի լաւ կամ առնուազն անկէ ոչ նուազ մարտավարական հետախուզութիւն ունի»: «Հըզպալլայի հետ լայնածաւալ պատերազմ...

Կութիերես Կը Զգուշացնէ Հըզպալլայի  Եւ Իսրայէլի Միջեւ «Տագնապին Ընդլայնումէն»

Կութիերես Կը Զգուշացնէ Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ «Տագնապին Ընդլայնումէն»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կոչ ուղղեց` դադրեցնելու Լիբանանի հարաւային սահմաններու երկայնքին Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի փոխադարձ յարձակումները: Կութիերեսի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը այն մտավախութիւնը ունի, որ «այդ փոխադարձ կրակոցը յանգեցնէ լայնածաւալ տագնապի մը, որուն հետեւանքները շրջանին վրայ ծանր պիտի ըլլան»: Կութիերես ցաւ յայտնեց, որ «իրողապէս հարիւրաւոր կեանքեր կորսնցուցինք, տասնեակ հազարաւորներ տեղահանուեցան եւ Կապոյտ...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Պայտընի Վարչակազմը Իսրայէլին Յայտնած Է  Իր Մտավախութիւնը, Թէ Լիբանանի Մէջ Սահմանափակ  Պատերազմ Մը Անիրապաշտ Ընտրանք Է

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Պայտընի Վարչակազմը Իսրայէլին Յայտնած Է Իր Մտավախութիւնը, Թէ Լիբանանի Մէջ Սահմանափակ Պատերազմ Մը Անիրապաշտ Ընտրանք Է

Ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Իսրայէլին յայտնած է իր մտավախութիւնը, թէ Լիբանանի մէջ սահմանափակ պատերազմ մը անիրապաշտ ընտրանք է»: «Պայտընի վարչակազմը զգուշացուց Իսրայէլը, թէ Լիբանան ցամաքային ներխուժում մը, նոյնիսկ եթէ սահմանափակ ըլլայ, կրնայ Իրանը մղել միջամտելու», նշած է պաշտօնատարը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր առաջ զգուշացուցած էր, որ Լիբանանի մէջ...

Հալապի. «Պետական Քննութիւնները Միացեալ  Պիտի Ըլլան Եւ Իրեց Ժամկէտին Պիտի Կատարուին»

Հալապի. «Պետական Քննութիւնները Միացեալ Պիտի Ըլլան Եւ Իրեց Ժամկէտին Պիտի Կատարուին»

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Կրթական ներկայ տարեշրջանի աւարտի եզրին քննարկեցին կրթական կացութիւնը եւ յայտնեցի, որ կրթութեան նախարարութիւնը բոլոր պատրաստութիւնները տեսաւ կատարելու պետական քննութիւնները, որոնք Աստուծոյ կամքով պիտի կատարուին իրենց ժամկէտին` 29 յունիսէն սկսեալ եւ երեք օրուան վրայ»` աւելցնելով, որ այդ առնչութեամբ կասկածները պիտի փարատին շնորհիւ իրողութեան եւ...

Միքաթի. «Մեր Առաջնահերթութիւնը  Մագլցումը Զսպելն Ու Իսրայէլեան  Յարձակումը Դադրեցնելն Է»

Միքաթի. «Մեր Առաջնահերթութիւնը Մագլցումը Զսպելն Ու Իսրայէլեան Յարձակումը Դադրեցնելն Է»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ողջունեց Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն 6 յունիսին հրապարակած միացեալ հաղորդագրութիւնը, որ «Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու եւ Կապոյտ գիծի երկայնքին լարուածութեան ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի համահունչ նուազեցման օգնելու ճամբով իրենց ջանքերը միաւորելու կարեւորութիւնը շեշտեց»: Միքաթի բարձր գնահատեց Լիբանանի զօրակցող եւ մագլցումը դադրեցնելու ամէն ջանք թափելու կոչ ուղղող այդ կեցուածքը: «Մեզի համար առաջնահերթութիւնը աշխարհի տարածքին Լիբանանի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները երէկ նուազեցան 21000 լիբանանեան ոսկիով եւ յաջորդաբար հասան 1.620.000 լիբանանեան ոսկիի եւ 1.658.000 լիբանանեան ոսկիի, մազութին գինը նուազեցաւ 10000 լիբանանեան ոսկիով եւ հասաւ 1.428.000 լիբանանեան ոսկիի: Պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 807000 լ.ո.: - ՏԱՐ Ֆաթուան յայտարարեց, որ կիրակի, 16 յունիսը Ատհայի տօնին առաջին օրն է` աւելցնելով, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան...

Ուաշինկթըն. «Թեհրանի Հաշիւներու Ապասառեցումը  Չի Նշանակեր Պատժամիջոցները Չեղեալ Նկատել»

Ուաշինկթըն. «Կը Զգուշացնենք, Որ Լիբանանի Մէջ Մագլցում Մը Պիտի Վտանգէ Իսրայէլի Անվտանգութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց, որ Լիբանանի մէջ մագլցում մը պիտի վտանգէ Իսրայէլի անվտանգութիւնը: Նախարարութիւնը նշեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումը պիտի առաջնորդէ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ կացութեան հանդարտեցման` աւելցնելով. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի սահմաններուն վրայ տագնապի մագլցում չենք ուզեր` խուսափելու համար երկու կողմերէն յաւելեալ զոհերու արձանագրումէն»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ պէտք է Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական...

Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներ Կը Նշեն.  «Գալիլիոյ Մէջ Հարֆիշի Ռմբակոծումը  Պատերազմի Սկիզբէն Ի Վեր Հըզպալլայի  Ամէնէն Վտանգաւոր Յարձակումն Է»

Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներ Կը Նշեն. «Գալիլիոյ Մէջ Հարֆիշի Ռմբակոծումը Պատերազմի Սկիզբէն Ի Վեր Հըզպալլայի Ամէնէն Վտանգաւոր Յարձակումն Է»

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին. «Գալիլիոյ մէջ գիւղի մը (Հարֆիշ գիւղի, «Ա.») ռմբակոծումը պատերազմի սկիզբէն ի վեր Հըզպալլայի ամէնէն վտանգաւոր յարձակումն է, եւ աւելի քան երկու զոհերու մասին տեղեկութիւններ կան, իսկ վիրաւորներուն թիւը յայտարարուածէն աւելի է»: Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, հիւսիսի մէջ Հարֆիշի մօտ իսրայէլացի զինուորներու հաւաքման վայրի մը վրայ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումին պատճառով առնուազն երկու զոհ արձանագրուած է, ինչպէս նաեւ 24...

Կանց Հիւսիսային Իսրայէլի Քաղաքապետներուն.  «Պատրաստուեցէ՛ք Կռիւի Եւ Աւելի Դժուար Օրերու,  Որոնք Կրնան Մեզ Պատերազմի Հասցնել»

Կանց Հիւսիսային Իսրայէլի Քաղաքապետներուն. «Պատրաստուեցէ՛ք Կռիւի Եւ Աւելի Դժուար Օրերու, Որոնք Կրնան Մեզ Պատերազմի Հասցնել»

Ազգային ճամբար կուսակցութեան նախագահ, Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց հիւսիսային Իսրայէլի քաղաքապետներուն դիմելով յայտնեց. «Պատրաստուեցէ՛ք կռիւի եւ աւելի դժուար օրերու, որոնք կրնան մեզ պատերազմի հասցնել»: «Լիբանանեան կառավարութիւնը լայնածաւալ պատերազմի ծագումը չ՛ուզեր, եւ պէտք է Հըզպալլայի վրայ ճնշում բանեցնէ», ըսաւ Կանց: Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտնած է. «Կը հաստատենք, որ...

Թինընթի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Սահմանին Վրայ Կացութիւնը  Մտահոգութիւն Կը Պատճառէ»

Թինընթի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Սահմանին Վրայ Կացութիւնը Մտահոգութիւն Կը Պատճառէ»

Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանին վրայ կացութիւնը մտահոգութիւն կը պատճառէ, եւ սահմանային շրջանին մէջ լարուածութեան ընդլայնման կարելիութիւն գոյութիւն ունի: Այս մասին «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թինընթի: Թինընթի նշեց, որ իրենք աւելի ընդարձակ տագնապէ խուսափելու համար լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ իսրայէլեան բանակին հետ հաղորդակցութեան կապեր ունին: Ան շեշտեց, որ տագնապին ընդլայնումը ոչ միայն Լիբանանի համար աղէտ պիտի ըլլայ,...

Պըրրի Հանդիպում Ունեցաւ Շուէտի Արտաքին  Գործոց Նախարարութեան Միջազգային Բաժանմունքի  Տնօրէնին, Պու Հապիպի Եւ Դեսպան Մակրոյի Հետ

Պըրրի Հանդիպում Ունեցաւ Շուէտի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Միջազգային Բաժանմունքի Տնօրէնին, Պու Հապիպի Եւ Դեսպան Մակրոյի Հետ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ իր հանդիպումի ընթացքին արծարծեց ընդհանուր կացութեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ այլ նորութիւններ: Պըրրի ընդունեց Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային բաժանմունքի նախագահի ընդհանուր քարտուղար Տակ Եուհլինն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Անն Տիսմորի, եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Կազայի վրայ Իսրայէլի կատարած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՍՏ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան վրայ յարձակում գործած անձը առանձին գործած է, մաս չի կազմեր բջիջի մը, զէնքն ու զինամթերքը գնած է իր դրամով եւ դեսպանատան գտնուած վայրը ճշդած է «Կուկըլ»-ի միջոցով: ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Պէյրութի մէջ հաւաստի աղբիւրներ հերքած են Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի դէմ մահափորձի տարաձայնութիւնները եւ նշած,...

Page 200 of 986 1 … 199 200 201 … 986

Արխիւներ