Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի «Թելեկրաֆ»-ի Սադրիչ Յօդուածին Հարցով Հանդիպում Ունեցաւ Պու Հապիպի, Համիէի Եւ Սլիմի Հետ

June 25, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէի հետ, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Միքաթիին ներկայացուցի բրիտանական «Թելեկրաֆ» օրաթերթի Պէյրութի միջազգային օդակայանին վերաբերեալ հրապարակման հարցը, օդակայանի վարկը հարցականի տակ առնելն ու այդ օրաթերթին մէջ գրուածին մանրամասնութիւնները»:

«Քննարկեցինք նաեւ իրաւական քայլերը, որ լիբանանեան պետութիւնը հաստատաբար պիտի ձեռնարկէ օրաթերթին դէմ, որովհետեւ այս հարցը կը նկատուի Լիբանանի դէմ հոգեբանական պատերազմին, անոր եւ օդակայանի վարկաբեկման ծիրին մէջ», նշեց նախարարի պաշտօնակատարը:

«Անոր հետ քննարկեցինք նաեւ բոլոր դեսպաններուն մեր յղած օդակայանի բաժիններ այցելելու հրաւէրը», ըսաւ Համիէ:

Միքաթի հանդիպում ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի, ապա պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի հետ:

Նշենք, որ բրիտանական «Թելեկրաֆ» օրաթերթը մէկ օր առաջ հրապարակած էր յօդուած մը` պնդելով, որ Հըզպալլան Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ հսկայական թիւով իրանեան հրթիռներ եւ պայթուցիկ նիւթեր կը պահեստաւորէ:

Դեսպաններ Այցելեցին Օդակայան

Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ, Եգիպտոսի, Հնդկաստանի, Փաքիստանի, Չինաստանի, Ճափոնի, Քորէայի, Քուպայի, Ռումանիոյ, Պրազիլի, Ղազախստանի, Յորդանանի, Սպանիոյ, Ալճերիոյ եւ Նիկերիոյ դեսպանները երէկ Համիէի, Պու Հապիպի եւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերիի եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարի ընկերակցութեամբ այցելեցին Պէյրութի միջազգային օդակայան եւ շրջագայեցան անոր բաժիններուն մէջ, մասնաւորաբար առաքման եւ օդային առաքման բաժիններուն մէջ:

Նախարարի պաշտօնակատար Մքերի «Էմ.Թի.Վի.»-ին յայտնեց. «Թելեկրաֆ»-ի յօդուածէն ետք, պէտք էր Ռաֆիք Հարիրի միջազգային օդակայան այս այցելութիւնը տեղի ունենար` հիմնուելով թափանցիկութեան սկզբունքին վրայ»:

«Օդակայանը պետական վայր է, որ կը վերաբերի բոլոր լիբանանցիներուն, անիկա Լիբանանի պատկերն է, եւ մենք արտերկրի լիբանանցիներուն համար խոստմնալից ամրան դռներուն ենք, ուստի «Թելեկրաֆ»-ի յօդուածի նպատակները շատ յստակ են», ըսաւ ան:

«Հըզպալլան չի կրնար պահեստաւորել հրթիռներ վայրի մը մէջ, ուր աշխարհի դեսպանները մուտք կը գործեն: Յօդուածին անհեթեթութիւնը յստակ է, սակայն կը վախնանք, որ հարցը ժխտական ազդեցութիւն ունենայ (զբօսաշրջութեան) եղանակին ու լիբանանցիներու կեանքերուն վրայ, եւ կը կարծեմ, որ այս բոլորը հոգեբանական պատերազմի ծիրին մէջ են», նշեց Մքերի:

«Լիբանանցիներուն միջեւ Պէյրութի օդակայանին կամ որեւէ այլ վայրի հաշուոյն ներքին հաշիւներ մաքրելը արգիլուած է», ընդգծեց ան:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պու Հապիպ իր կարգին օդակայանին մէջ դեսպաններուն հետ շրջագայութեան ընթացքին յայտնեց. «Տակաւին բողոք ներկայացնելու շուրջ որոշում չկայ, եւ օդակայանը քաղաքային ու ապահով է, եւ ասիկա տարաձայնութիւն է»: Ան աւելցուց. «Պատերազմի դրդապատճառներ կը ստեղծեն»:

Եգիպտոսի Դեսպան. «Մեր Այցելութիւնը
Լիբանանին Աջակցութեան Պատգամ Է»

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա օդակայան այցելութեան աւարտին յայտնեց. «Այսօր օդակայան մեր ներկայութիւնը Լիբանանին աջակցութեան պատգամ է, եւ մենք կոչ կ՛ուղղենք` հանդարտութեան եւ լարուածութիւնը կարելի եղածին չափ նուազեցնելու»` աւելցնելով. «Հիմնական ձգտումը Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցումն է, եւ ատիկա հաստատօրէն այլ ճակատներու վրայ դադրեցման պիտի յանգեցնէ»:

«Անծանօթ աղբիւրներ մէջբերելով իր հրապարակածին համար պատասխանատուութիւնը «Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը կրէ», ըսաւ ան` նշելով. «Ես Պէյրութի օդակայանը խուզարկելու իրաւասութիւն չունիմ, սակայն պաշտօնատարներէն այն, ինչ որ  լսեցինք, յստակ կը դարձնէ, որ աշխատանքային երթը կը շարունակուի լաւ մեքանիզմներու համաձայն»:

«Այն, որուն Լիբանանն ու շրջանը կարիք ունին, հանդարտեցումն է` շարք մը թղթածրարներու մէջ լուծումներու հասնելու համար», յայտնեց Եգիպտոսի դեսպանը:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլ Ուաշինկթընին Կը Յայտնէ, Որ Հըզպալլայի Դէմ Կրնայ «Նախապէս Իր Չօգտագործած» Զէնքերը Օգտագործել

Յաջորդը

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Դերասան Եւ Բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.