Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի ներկայացուցչութեան փոխանցեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի կողմէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ուղղուած նամակ մը` որ կը պարունակէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը յաւելեալ մէկ տարիով երկարաձգելու Լիբանանի դիմումը:
Նամակին մէջ նշուած է, որ Լիբանան կը գնահատէ հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի 2006 թուականի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան: