ՌՈՒՍԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` «Իսրայէլը զգուշացնելու տագնապը Լիբանանի մէջ տարածման քանդիչ հետեւանքներէն»` նշելով. «Տագնապին դէպի Լիբանան տարածուելու վտանգը ի զօրու է, եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է խոստովանի, որ Իսրայէլի գործելաոճը աղէտալի է»:
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պաշտօնատարներ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Իսրայէլ եւ Հըզպալլա Միացեալ Նահանգներուն տեղեկացուցած են, թէ համապարփակ պատերազմ չեն ուզեր: Ամերիկացի պաշտօնատարները նշած են, որ Հըզպալլան զգուշացուած է, որ եթէ իր յարձակումները շարունակէ, Ուաշինկթըն պիտի չկարենայ Իսրայէլին արգիլել Լիբանան ներխուժել: