Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Ուաշինկթընին Կը Յայտնէ, Որ Հըզպալլայի Դէմ Կրնայ «Նախապէս Իր Չօգտագործած» Զէնքերը Օգտագործել

Յունիս 25, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած են, որ Իսրայէլ Սպիտակ տան յղած է պատգամ մը, որուն մէջ նշած է, թէ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի հետ հաւանական պատերազմի մը ընթացքին նախապէս երբեք չօգտագործած զէնքեր պիտի օգտագործէ` պատերազմը արագօրէն վճռելու եւ երկարատեւ պատերազմի մէջ չներքաշուելու համար:

Կայանը չյստակացուց նամակին հեղինակը, յղման թուականը կամ այդ նամակին ամերիկեան կողմի արձագանգը: Թել Աւիւի կամ Ուաշինկթընի կողմէ այդ տեղեկութեան պաշտօնական մեկնաբանութիւն տեղի չունեցաւ:

Ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին, եթէ Հըզպալլան շուտով «չզսպուի», ապա Թել Աւիւի դիմաց Լիբանանի մէջ զինուորական քայլի դիմելու այլընտրանք պիտի չըլլայ, եւ պիտի չկարենայ Լիբանանի մէջ պատերազմը վճռել առանց նախապէս չօգտագործած զէնքեր օգտագործելու:

Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, Թել Աւիւ կը զգայ, թէ Միացեալ Նահանգներէն զէնքերու մատակարարման կշռոյթը դանդաղած է, բաղդատմամբ Կազայի մէջ պատերազմի սկիզբի կշռոյթին, եւ Ուաշինկթընի շարունակ կը յայտնէ, որ անոնց մեծ կարիք ունի Կազայի մէջ ընթացող գործողութիւններուն եւ Լիբանանի ճակատին վրայ պատրաստութիւններուն պատճառով:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան աղբիւր մը «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեց. «Հըզպալլայի հետ պատերազմը լիբանանեան պետութեան հետ պատերազմ մը պիտի ըլլայ, եւ Լիբանանը` իբրեւ երկիր, ատոր համար գին պիտի վճարէ»:

«Եթէ հարաւային Լիբանան մուտք գործենք, ապա համաձայնութեան գոյացումէն առաջ դուրս պիտի չգանք», նշեց աղբիւրը` աւելցնելով. «Եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը կ՛ուզէ իր բոլոր հողերուն վրայ գերիշխան ըլլալ, ապա պէտք է կացութիւնը փոխելու աշխատիլ»:

Արեւմտեան աղբիւր մը «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեց. «Հըզպալլայի հետ պատերազմի մը ծագումը իրողապէս շրջանին մէջ իրանեան ներկայութեան եւ դերակատարութեան դէմ պատերազմ կը նշանակէ»:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ Ուաշինկթընի մէջ Պայտընի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնին ըսած է. «Իսրայէլ պատրաստ է պատերազմի 3-րդ փուլին մէջ զինուորական ու քաղաքական կարելիութիւններուն»: Ան աւելցուց. 3-րդ փուլի անցնիլը պիտի ազդէ բոլոր ճակատներուն վրայ»: Ան Հոքշթայնի հետ քննարկած է այն քայլերը, որոնք պէտք է որդգրուին` հասնելու համար հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչներու տունդարձը արտօնող կացութեան:

Նախորդը

Ամերիկեան Բանակի Միացեալ Սպայակոյտի Պետին Համաձայն. Ամերիկան Հաւանաբար Անկարող Պիտի Ըլլայ Օգնելու Իսրայէլին Հըզպալլայի Դէմ

Յաջորդը

Միքաթի «Թելեկրաֆ»-ի Սադրիչ Յօդուածին Հարցով Հանդիպում Ունեցաւ Պու Հապիպի, Համիէի Եւ Սլիմի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?