Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ – Պորել Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Օգոստոս 27, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց հարաւային Լիբանանի եւ շրջանին մէջ զարգացումները:

Պորել զօրակցութիւն յայտնեց «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի անմիջական գործադրութիւնը պահանջող Լիբանանի դիրքորոշումին»:

Պու Հապիպ եւ Պորել ցաւ յայտնեցին «Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի ղեկավարած, Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման Տոհայի մէջ առաջին փուլէն ետք Գահիրէի մէջ բանակցութիւններու նոր փուլին մէջ բեկում չարձանագրուելուն համար»:

Անոնք կարեւոր նկատեցին Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ջանքերու շարունակութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ զինադադարը «շրջանին մէջ մագլցումին վերջ տալու եւ համապարփակ պատերազմէ մը խուսափելու բանալին է»:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը շեշտեց. «Եւրոպական Միութիւնը պէտք է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնէ, որպէսզի յանձնառու դառնայ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը նաեւ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ կացութիւնը հասած է վտանգաւորութեան վճռական մակարդակի, թէ՛ շրջանին մէջ, թէ՛ ալ անոր սահմաններէն դուրս:

«Ես կը պաշտպանեմ Լիբանանի վարչապետ Միքաթիի կոչը` անյապաղ գործադրելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը, ի լրումն Կազայի մէջ խիստ անհրաժեշտ զինադադարին` կանխարգիլելու համար լայնածաւալ պատերազմի վտանգը», գրեց Պորել:

 

Նախորդը

Սալիվըն. «Կը Յուսամ, Որ Հըզպալլայի Հետ Կացութիւնը Վերահսկողութենէ Դուրս Չի Գար»

Յաջորդը

Կալանթ. «Հըզպալլայի Դէմ Պատերազմը Հեռաւոր Ապագային Է Եւ Ոչ Թէ Հիմա»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?