Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իր ղեկավարներէն Ֆուատ Շուքրի ահաբեկման Հըզպալլայի հակադարձութիւնը լաւապէս սերտուած էր, եւ Հըզպալլայի իսրայէլեան պաշտպանական համակարգերը շրջանցելը կարեւոր հարց է:
Ան նշեց, որ զանց կացուցման տեսութիւնը սխալ է, եւ չենք կրնար Լիբանանը զանց կացուցել շրջանի անցուդարձէն:
Ժոմպլաթ «Արապի» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ ինքնապաշտպանութիւնը, ըլլայ այդ պետութեան կամ Հըզպալլայի նման զինեալ խմբաւորումի մը կողմէ, օրինական իրաւունք է:
Ան ըսաւ, որ եթէ Միացեալ Նահանգները լուրջ ըլլային, կը դադրեցնէին Կազայի վրայ յարձակումը` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը շրջան կ՛ուղարկէ ժամանակ շահելու համար:
Ժոմպլաթ ըսաւ, որ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը շրջանին մէջ պատերազմը պիտի չարգիլէ, եւ ամերիկեան նաւատորմիղը ներկայ է ի շահ Իսրայէլի:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավարը նշեց, որ արաբական նախաձեռնութիւնը առանց իսրայէլեան բնակեցումը արգիլող արաբական միացեալ կեցուածքի ոչինչ կ՛արժէ:
«Իսրայէլը ինչո՞ւ Հըզպալլային պահանջածին նման դէպի որոշ գիծ չի քաշուիր, եւ ինչո՞ւ միայն մեր վրայ պայմաններ կը դրուին», հարց տուաւ ան:
Ժոմպլաթ նաեւ յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը լուծելու համար պէտք է սուրիական վարչակարգին հետ երկխօսութիւն կատարել»:
Ան նշեց, որ Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումէն ետք Լիբանանը պաշտպանողներու եւ Իսրայէլը դիմակայողներու շարքերուն միացած է:


