– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ Սայտայի Շամահ պողոտային վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Պաղեստինեան աղբիւրներ «Նաշրա»-ին յայտնեցին, որ թիրախը պաղեստինեան Համաս շարժումի ղեկավարներէն «Ա.Հ.»-ն էր` աւելցնելով, որ ան փրկուած է, սակայն վիրաւորուած է:
«Լեպանոն Տիպէյթ»-ի համաձայն, թիրախաւորուած ինքնաշարժը կը պատկանի Համասի ղեկավարներէն Նիտալ Հլէյհելին, որ փրկուած է:
– ԵՐԷԿ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի ցուցմունքով վարչապետարանին ու պետական այլ հաստատութիւններու վրայ դրօշը կիսակայմ ծածանեցաւ` իբրեւ նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի մահուան եռօրեայ սուգի նշան:
Վարչապետարանի աշխատանքը ժամը 11:00-էն մինչեւ ժամը 2:00 դադրեցաւ` պաշտօնեաներուն առիթ ընծայելով մասնակցիլ նախկին վարչապետի յուղարկաւորութեան:
– ՍՊԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարես յայտնեց, որ «Լիբանանի մէջ մագլցումը շատ մտահոգիչ է»` շեշտելով. «Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման հրատապ կարիք կայ»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը յայտարարեց, որ բանակի կեդրոններէն մէկուն մէջ զինուոր մը մահացած է, երբ այլ զինուորէ մը կրակոցի ենթարկուած է:
Բանակը աւելցուց, որ դէպքը երկու զինուորներուն միջեւ խնդիրի պատճառով չէ եղած, եւ կայ այն հաւանականութիւնը, որ կրակոցը սխալմամբ կատարուած է:
Լիբանանեան բանակը նշեց, որ դատական համապատասխան մարմիններուն հսկողութեամբ պէտք եղած հետաքննութիւնները կը կատարուին` դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար:


