Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցով նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ շարունակեց ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն հետ իր հանդիպումները:
Ան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսընի հետ, եւ անոնց հետ քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման որոշումի նախագիծը, որ Ֆրանսան իբրեւ խորհուրդին մէջ «գրիչ կրող» ներկայացուց Ապահովութեան խորհուրդին: