Լիբանանեան

Նասրալլա. «Եթէ Արդիւնքը Գոհացուցիչ Ըլլայ,  Հակադարձութեան Գործողութիւնը Աւարտած  Պիտի Նկատենք, Իսկ Եթէ Արդիւնքը Բաւարար Չէ,  Ապա Հակադարձելու Իրաւունքի Իրականացումը  Այլ Ատենուան Պիտի Պահենք»

Նասրալլա. «Եթէ Արդիւնքը Գոհացուցիչ Ըլլայ, Հակադարձութեան Գործողութիւնը Աւարտած Պիտի Նկատենք, Իսկ Եթէ Արդիւնքը Բաւարար Չէ, Ապա Հակադարձելու Իրաւունքի Իրականացումը Այլ Ատենուան Պիտի Պահենք»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով անդրադարձաւ երէկ առաւօտեան ժամը 5:15-ին Իսրայէլի դէմ շղթայազերծուած գործողութեան, որ կոչեց «Քառասունքի օրուան գործողութիւն»` նկատի ունենալով, որ անիկա կը զուգադիպի Իմամ Հիւսէյնի սպանութեան քառասունքի ոգեկոչման օրուան: Անդրադառնալով Ֆուատ Շուքրի ահաբեկումին եւ Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումին հակադարձութեան ուշացումին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց. «Հակադարձելու համար սպասեցինք, որպէսզի առիթ ընծայենք (Կազայի մէջ...

Հըզպալլան Իսրայէլի Կողմէ Ֆուատ Շուքրի  Ահաբեկման Եւ Հարաւային Արուարձաններու  Վրայ Յարձակումին Հակադարձութեան  Առաջին Փուլը Կատարեց

Հըզպալլան Իսրայէլի Կողմէ Ֆուատ Շուքրի Ահաբեկման Եւ Հարաւային Արուարձաններու Վրայ Յարձակումին Հակադարձութեան Առաջին Փուլը Կատարեց

Հըզպալլան երէկ արշալոյսին մեծաթիւ հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով իր զինուորական ղեկավարներէն Ֆուատ Շուքրի ահաբեկման եւ Հարաւային արուարձաններու վրայ յարձակումին «նախնական պատասխան» մը տուաւ` շեշտելով, որ առաջին փուլը յաջողութեամբ պսակուած է: Հըզպալլա յայտարարեց, որ թիրախաւորած է իսրայէլեան զինուորական տեսակարար թիրախ մը` նշելով, որ այդ մասին պիտի յայտարարէ հետագային: Կուսակցութիւնը 320 հրթիռներով իսրայէլեան բանակի 11 ռազմակայաններ, զօրանոցներ, դիրքեր եւ հակաօդային պաշտպանութեան...

Նեթանիահու. «Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Ունեցաւ,  Աւարտը Չէ, Անիկա Հիւսիսի Մէջ Կացութիւնը  Փոխելու Ուղղութեամբ Քայլ Մըն Է»

Նեթանիահու. «Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Ունեցաւ, Աւարտը Չէ, Անիկա Հիւսիսի Մէջ Կացութիւնը Փոխելու Ուղղութեամբ Քայլ Մըն Է»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պնդեց. «Իսրայէլեան բանակը կրցաւ Հըզպալլայի Իսրայէլի կեդրոնին մէջ ռազմավարական թիրախին վրայ արձակած բոլոր անօդաչու թռչող սարքերը վնասազերծել»: Ան ըսաւ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան ու Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին «պէտք է գիտնան, որ ասիկա հիւսիսի մէջ կացութիւնը փոխելու եւ բնակիչները իրենց տուները վերադարձնելու քայլ է»` աւելցնելով. «Բանակին ցուցմունք տուինք Հըզպալլայի սպառնալիքը...

Ամերիկեան Բանակի Սպայակոյտի  Պետին Հետ Հանդիպումին Ընթացքին.  Սիսի «Լիբանանի Մէջ Նոր Ճակատ Բանալու  Վտանգներէն» Կը Զգուշացնէ

Ամերիկեան Բանակի Սպայակոյտի Պետին Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. Սիսի «Լիբանանի Մէջ Նոր Ճակատ Բանալու Վտանգներէն» Կը Զգուշացնէ

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի երէկ Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Չարլզ Պրաունի հետ Գահիրէի մէջ հանդիպումի ընթացքին զգուշացուց «Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ նոր մագլցումէն ետք Լիբանանի մէջ նոր ճակատ բանալու վտանգներէն»: «Պէտք է պահպանել Լիբանանի կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը», նշեց Սիսի: Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համար «վճռական կեցուածք» որդեգրելու: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու...

ՖԻՆԻՒԼ-ն Ու Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր  Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչի Գրասենեակը  Կոչ Կ՛ուղղեն Յաւելեալ Մագլցումէ Ետ Կանգնելու

ՖԻՆԻՒԼ-ն Ու Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչի Գրասենեակը Կոչ Կ՛ուղղեն Յաւելեալ Մագլցումէ Ետ Կանգնելու

ՖԻՆԻՒԼ-ն ու Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով անդրադարձան Կապոյտ գիծը շրջանցող զարգացումներուն: «Այսօր կանուխ առաւօտէն Կապոյտ գիծի երկայնքին արձանագրուած մտահոգիչ զարգացումներուն լոյսին տակ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ը բոլորին կոչ կ՛ուղղեն կրակոցը դադրեցնելու եւ յաւելեալ մագլցողական քայլերէ ետ կանգնելու»: «Թշնամական գործողութիւններու դադրեցումն ու անկէ ետք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի...

Նախարարական Արտակարգ Ժողով

Նախարարական Արտակարգ Ժողով

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն լոյսին տակ հրաւիրեց նախարարական արտակարգ ժողով մը: Առաւօտեան ժամը 10:30-ին Միքաթիի տան մէջ արտակարգ ժողովին մասնակցեցան նախարարի պաշտօնակատարներ Ապտալլա Պու Հապիպ, Հանրի Խուրի, Ֆիրաս Ապիատ, Նասեր Եասին, Ամին Սալամ, Ալի Համիէ, Ուալիտ Ֆայեատ, Հարաւի խորհուրդի նախագահ Հիշամ Հայտար, Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Մուսթաֆա: Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան հարաւային...

Նախկին Վարչապետ Սելիմ Հըս Մահացաւ

Նախկին Վարչապետ Սելիմ Հըս Մահացաւ

Երէկ իր մահկանացուն կնքեց Լիբանանի նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսը: Ան ծնած էր 20 դեկտեմբեր 1929-ին: Սելիմ Հըս վարչապետի պաշտօնը հինգ անգամ վարած է, եւ 1976-էն 2000 թուականի միջեւ ստանձնած է նախարարական հինգ պաշտօններ` արտաքին գործոց, ճարտարարուեստի, քարիւղի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի, կրթութեան ու արուեստի եւ աշխատանքի: Ան երկու իրերայաջորդ անգամներ ընտրուած է խորհրդարանի անդամ եւ Թաէֆի համաձայնագիրի որդեգրման մէջ կարեւոր դեր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ մօտէն կը հետեւի Լիբանանի եւ Իսրայէլի սահմանին վրայ արձանագրուող զարգացումներուն: Դեսպանատունը յայտնեց, որ Լիբանանէն օդային ճամբով հեռանալու ընտրանքը տակաւին կարելի է` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու կարիքաւոր քաղաքացիները կրնան դեսպանատան դիմել օդանաւային տոմսի ապահովման համար վարկ ստանալու համար: Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Լիբանան մնալ փափաքող իր քաղաքացիները զգուշացուց այցելել Լիբանան-Իսրայէլ...

Լիպըրման. «Կառավարութիւնը Անկարող Է  Հըզպալլայի Հետ Գործ Ունենալու»

Լիպըրման. «Կառավարութիւնը Անկարող Է Հըզպալլայի Հետ Գործ Ունենալու»

Իսրայէլեան Իսրայէլը մեր տունն է կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց. «Հիւսիսի մէջ մարտահրաւէրները աւելի մեծ են կարողութենէն ներկայ կառավարութեան, որ արժանի չէ շարունակելու»: «Հիւսիսի վրայ հարիւրաւոր հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու արձակումը փաստ է, թէ կառավարութիւնը անկարող է Հըզպալլայի հետ գործ ունենալու», յայտարարեց Լիպըրման: Նախքան այդ, իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը հաղորդած էր, որ Հըզպալլայի հետ ճակատումի սկիզբէն ի վեր վիրաւորուած են...

Ֆայեատ. «Ալճերիական Քարիւղով Բեռցուած Նաւը Երկուշաբթի Պիտի Հասնի»

Ֆայեատ. «Ալճերիական Քարիւղով Բեռցուած Նաւը Երկուշաբթի Պիտի Հասնի»

Ուժանիւթի նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ յայտարարեց. «Քարիւղով բեռցուած նաւը, որ Ալճերիայէն ճամբայ ելաւ Լիբանան կը հասնի երկուշաբթի, 26 օգոստոսին»: Ան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ նախարարութիւնը նաւուն բեռէն օրինակ մը առած է եւ զայն «Ի.Էյչ.Էլ.»-ի միջոցով ուղարկած Տուպայ, ուր պիտի քննուի, եւ եթէ անիկա պէտք եղած արժեչափերուն կը համապատասխանէ, քաղաքացին 27 օգոստոսէն սկսեալ պիտի սկսի ելեկտրականութեան մատակարարման աստիճանական բարելաւում...

Միքաթի Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի  Առաքելութեան Վերանորոգման  Դիւանագիտական Աշխատանքները

Միքաթի Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերանորոգման Դիւանագիտական Աշխատանքները

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հանդիպում ունեցաւ արտաքին գործոց եւ օտարերկրացիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերանորոգման հարցով դիւանագիտական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան առնչուող վարչական այլ հարցեր: Միքաթի նաեւ հանդիպում ունեցաւ արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու արդարադատութեան նախարարութեան հարցերը: Վարչապետի...

«Մեթա»-ն Լիբանան Պատերազմը Չ՛ուզեր» Արշաւին  Եւ Վիեթնամեան Ընկերութեան Մը  Միջեւ Կապը Բացայայտեց

«Մեթա»-ն Լիբանան Պատերազմը Չ՛ուզեր» Արշաւին Եւ Վիեթնամեան Ընկերութեան Մը Միջեւ Կապը Բացայայտեց

«Մեթա» ընկերութիւնը զեկուցում մը հրապարակելով յայտնեց, որ Դիմատետրէն 112 հաշիւներ եւ 65 էջեր ջնջած է, ինչպէս նաեւ 49 էջեր ջնջած է «Ինսթակրամ»-էն` ընկերութեան քաղաքականութիւնը խախտելնուն պատճառով: «Մեթա» նշեց, որ այդ ցանցը կը գտնուի Վիեթնամի մէջ եւ աշխատանք տարած է թիրախաւորելու Միացեալ Նահանգները, Լիբանանը, Բրիտանիան, Ֆրանսան, Սէուտական Արաբիան ու Քաթարը: Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, ընկերութիւնը յայտնեց, որ նշեալ ցանցը կեդրոնացած է...

Ընդհանուր Դատախազը Ելեկտրականութեան  Հոսանքի Ընդհատման Տագնապի Հարցով  Վարչապետարանին Մէջ Լսեց Միքաթին

Ընդհանուր Դատախազը Ելեկտրականութեան Հոսանքի Ընդհատման Տագնապի Հարցով Վարչապետարանին Մէջ Լսեց Միքաթին

Ընդհանուր դատախազ դատաւոր Ժամալ Հաժժար ելեկտրականութեան հոսանքի ընդհատման տագնապի հարցով վարչապետարանին մէջ լսեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի վկայութիւնը: Ան այդ մէկը կատարեց հիմնուելով նշեալ խնդիրին վերաբերեալ վարչապետի պաշտօնակատարին ներկայացուցած դիմումին հիմամբ: Դատաւոր Հաժժար 21 օգոստոսին Պէյրութի արդարադատութեան պալատին մէջ լսած էր նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեքի վկայութիւնները:

Ֆնէյշ. «Դիմադրութիւնը Զօրքերու  Կուտակումներէն  Ու Նաւատորմիղներէն Չի Վախնար Եւ Բոլոր  Կարելիութիւններուն Համար Բոլոր  Պատրաստութիւնները Տեսած Է»

Ֆնէյշ. «Դիմադրութիւնը Զօրքերու Կուտակումներէն Ու Նաւատորմիղներէն Չի Վախնար Եւ Բոլոր Կարելիութիւններուն Համար Բոլոր Պատրաստութիւնները Տեսած Է»

Նախկին նախարար Մոհամետ Ֆնէյշ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը իմաստութեամբ կը ղեկավարէ ճակատումը եւ նախանձախնդիր է ու կը ջանայ պարտութեան մատնել Իսրայէլը եւ զսպել անոր շարժումները, «որովհետեւ երկրին ու հասարակութեան շահերուն նախանձախնդիր է»: «Դիմադրութիւնը բոլոր պատրաստութիւնները տեսած է բոլոր կարելիութիւններուն համար, ինչ ալ ըլլան անոնք, եւ ո՛չ սպառնալիքէն, ո՛չ զօրքերու կուտակումներէն, ո՛չ նաւատորմիղներէն կը վախնայ, ո՛չ ալ դիւանագիտական ջանքերուն վրայ գրաւ կը...

Օսթին. «Կալանթի Հետ Քննարկեցի Իրանի,  Հըզպալլայի Եւ Թեհրանի Աջակցութիւնը Վայելող  Խմբաւորումներու Կողմէ Մագլցումի Վտանգները

Օսթին. «Կալանթի Հետ Քննարկեցի Իրանի, Հըզպալլայի Եւ Թեհրանի Աջակցութիւնը Վայելող Խմբաւորումներու Կողմէ Մագլցումի Վտանգները

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին երէկ յայտարարեց, որ հինգշաբթի օր հեռաձայնած է իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթին` «քննարկելու համար Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին վրայ փոխադարձ կրակոցի հարցը»: Ան նաեւ նշեց, որ Կալանթի հետ քննարկած է Իրանի, Հըզպալլայի եւ Թեհրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներու կողմէ «մագլցումի վտանգները»:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ «Լուֆթանզա» ընկերութիւնը յայտարարեց, որ դէպի Պէյրութ, Թել Աւիւ եւ Թեհրան իր թռիչքներու առկախումը մինչեւ 30 սեպտեմբեր կ՛երկարաձգէ: - ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը, մէջբերելով իսրայէլեան բանակի գնահատականները հաղորդեց. «Յառաջիկայ շաբաթ Հըզպալլայի հակադարձութեան կը պատրաստուինք, եթէ Կազայի շուրջ բանակցութիւնները տապալին»: - ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ու դիւանագիտական աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին կը յայտնեն, որ մինչեւ այս պահը կը կարծեն, որ Լիբանան ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման...

Պեն Ղաֆիր Հըզպալլայի Դէմ Պատերազմ  Շղթայազերծելու Կոչ Կ՛ուղղէ

Պեն Ղաֆիր Հըզպալլայի Դէմ Պատերազմ Շղթայազերծելու Կոչ Կ՛ուղղէ

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար, ծայրայեղ աջակողմեան Իթամար Պեն Ղաֆիր Հըզպալլայի դէմ պատերազմ շղթայազերծելու կոչ ուղղեց: Ան բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ Քացերին բնակեցման վայր այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ բնակեցման այս վայրը Թել Աւիւի համազօր է, եւ Իսրայէլ պէտք է «ամէնէն յստակ ձեւով» հակադարձէ անոր հրթիռակոծման: «Պէտք է նաեւ յարձակում գործես եւ պէտք է արշաւ կատարես, այս է առիթը, որ պէտք չէ փախցնենք»,...

Պու Հապիպ. «Կազայի Շուրջ Բանակցութիւններուն  Ձախողութիւնը Կրնայ Շրջանի Կացութիւնը  Վերահսկողութենէ Դուրս Բերել»

Պու Հապիպ. «Կազայի Շուրջ Բանակցութիւններուն Ձախողութիւնը Կրնայ Շրջանի Կացութիւնը Վերահսկողութենէ Դուրս Բերել»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց. «Կազայի շուրջ բանակցութիւններու ձախողութիւնը կրնայ շրջանի կացութիւնը վերահսկողութենէ դուրս բերել»: Ճափոնի արտաքին գործոց նախարար Եոքօ Քամիքաուայի հետ ճափոնական կողմի նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Պու Հապիպ շեշտեց. «Մագլցում չենք ուզեր, եւ հարաւի ու շրջանին մէջ հանդարտութեան հաստատման համար պէտք է Կազայի մէջ զինադադար հաստատել»: Ան իր գնահատանքը արտայայտեց...

Միքաթի. «Ներկայ Դժուար Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Ներքին Միասնականութեան Եւ Վեր Կանգնելուն Է  Տարակարծութիւններէն, Որոնց Ժամանակը Չէ Հիմա»

Միքաթի. «Ներկայ Դժուար Փուլին Առաջնահերթութիւնը Ներքին Միասնականութեան Եւ Վեր Կանգնելուն Է Տարակարծութիւններէն, Որոնց Ժամանակը Չէ Հիմա»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վերահաստատեց, որ ներկայիս իր կատարած հաղորդակցութիւններուն եւ դիւանագիտական հանդիպումներուն նպատակը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան մեքենայական երկարաձգման ապահովումն է, որուն զուգահեռ ինք հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ դադրեցնելու Լիբանանի դէմ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումը, ինչպէս նաեւ ապահովել ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ որոշումը հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան լուծման...

Պրիք. «Իսրայէլ Մէկ Տարիէն Պիտի Քայքայուի,  Եթէ Համասի Եւ Հըզպալլայի Հետ  Մաշեցման Պատերազմը Շարունակուի»

Պրիք. «Իսրայէլ Մէկ Տարիէն Պիտի Քայքայուի, Եթէ Համասի Եւ Հըզպալլայի Հետ Մաշեցման Պատերազմը Շարունակուի»

Հանգստեան կոչուած իսրայէլացի սպայ Իսհաք Պրիք «Հաարեց» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ զգուշացուց, որ Իսրայէլ մէկ տարիէն պիտի քայքայուի, եթէ Համասի եւ Հըզպալլայի հետ մաշեցման պատերազմը շարունակուի: Ան աւելցուց, որ կը թուի, թէ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ կը գիտակցի, թէ Կազայի շուրջ համաձայնութիւն չգոյացնելու պատճառով եթէ շրջանային պատերազմ ծագի, Իսրայէլ պիտի վտանգուի: Ան շեշտեց, որ բոլոր քաղաքական...

Page 186 of 986 1 … 185 186 187 … 986

Արխիւներ