Ֆրանչիսկոս պապը Պէյրութի նաւահանգիստի աւելի քան 220 զոհ եւ աւելի քան 6500 վիրաւոր պատճառած պայթումին հարցով ճշմարտութեան բացայայտման եւ արդարութեան հաստատման կոչ ուղղեց:
Պապը զոհերու ընտանիքներուն անդամները ընդունելուն ընթացքին յայտնեց. «Ես ձեզի հետ կը պահանջեմ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը, որոնք երկուքն ալ տակաւին չիրականացան: Բոլորս գիտենք, թէ խնդիրը բարդ ու փշոտ է, եւ հակադիր ուժեր ու շահեր անոր վրայ կ՛ազդեն»:
Շուրջ քսան անձերէ բաղկացած պատուիրակութիւնը նաեւ հանդիպում ունեցաւ լրագրողներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու հետ:


