Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աշխատանք Կը Տանինք Կազայի Մէջ Մնայուն Զինադադարի Հաստատման Ճամբով Լիբանանը Լայնածաւալ Պատերազմէ Ազատելու Համար» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

August 29, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Գահիրէն Կազայի մէջ մնայուն զինադադար հաստատելու իր ջանքերուն միջոցով աշխատանք կը տանի եղբայրական Լիբանանը ազատելու լայնածաւալ պատերազմէ մը:

Ան ընդգծեց, որ սկիզբէն ի վեր Եգիպտոսի դիրքորոշումը այդ եղած է, եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի շեշտած է, որ պէտք չէ տագնապը ընդլայնել եւ հարաւային Լիբանանի ճակատը բռնկեցնել:

Դեսպան Մուսա ըսաւ, որ Եգիպտոս տարբեր մակարդակներու վրայ Լիբանանի հետ մնայուն կապի մէջ է` ինքնազսպումի եւ չներքաշուելու համար բռնութեան ոլորապտոյտի մը մէջ, որ Լիբանանին ծանր վնասներ կրնայ հասցնել:

Անդրադառնալով ներկայ լարուածութիւնը մեղմացնելու եգիպտական ջանքերուն, Կազայի մէջ հաւանական զինադադարի մը եւ հարաւային Լիբանանի ճակատին փոխկապակցութեան` Մուսա յայտնեց. «Լիբանանեան կողմէն տարբեր մակարդակներու վրայ հասկացողութիւն կը ցուցաբերուի, որ պէտք է առիթ չտալ կռիւի ճակատները ընդլայնել փորձողին, եւ ատիկա տեղի կ՛ունենայ քայլերու ճամբով, որոշ գործակցութեան եւ գետնի վրայ իրողութեան նկատմամբ տարբեր վարուելակերպով:

«Կ՛ըսենք, որ այսօր կացութիւնը աւելի լաւ կը թուի, անցեալ կիրակի Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախումի նոր փուլէ անցանք, եւ կը կարծեմ, որ երկու կողմերը այժմ դէպի հանդարտեցում կ՛ուղղուին, եւ ատիկա կարեւոր է: Սակայն այս մթնոլորտի շարունակութիւնը չենք երաշխաւորեր, եթէ Կազայի մէջ պատերազմը շարունակուի: Ուստի շտապ կերպով եւ լրջութեամբ աշխատանք կը տանինք այս պատերազմը դադրեցնելու եւ զինադադարի կանոններ հաստատելու, որովհետեւ ատիկա միակ ուղին է Լիբանանի մէջ մեր ձգտածին հասնելու եւ այն բոլորին, որոնք յառաջիկայ փուլերուն կրնան գործադրուիլ», յայտնեց Եգիպտոսի դեսպանը:

 

 

Նախորդը

Պու Հապիպ Ֆրանսայի Եւ Միացեալ Նահանգներու Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Երկարաձգման Որոշումին Բնագիրը

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Տեղահանուածներու Հարցը Լուծելու Համար Պէտք Է Սուրիական Վարչակարգին Հետ Երկխօսութիւն Կատարել»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.