Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լափիտ. «Սարսափի Մէջ Ապրող Կառավարութիւնը Դատարկեց Հիւսիսը, Եւ Չի Գիտեր Անոր Բնակչութիւնը Ինչպէ՛ս Դպրոցական Վերամուտէն Առաջ Վերադարձնել»

August 28, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը պիտի չկարենայ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ բնակեցման վայրերուն անվտանգութիւնը վերականգնել, մինչ դպրոցական նոր տարեշրջանը կը մօտենայ:

«Կրթական նոր տարեշրջանի սկիզբին մէկ շաբաթէն նուազ մնաց (սեպտեմբերի սկիզբը), եւ հիւսիսը տակաւին լքուած է», յայտնեց Լափիտ:

«Հիւսիսի մէջ հազարաւոր աշակերտներ եւ տասնեակ հազարաւոր ծնողներ կան, որոնք չեն գիտեր, թէ դպրոցական տարեշրջանը ինչպէ՛ս պիտի սկսի, ո՛վ է պատասխանատուն եւ ո՛վ իրենց հոգ պիտի տանի», աւելցուց ան:

«Սարսափի մէջ ապրող կառավարութիւնը հիւսիսը դատարկեց, եւ չի գիտեր իսրայէլացի քաղաքացիներուն ինչպէ՛ս պատասխանել», յայտնեց իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավարը:

«Պէտք է բնակչութիւնը հիւսիս վերադարձնենք, պէտք է հիւսիսի մէջ անվտանգութիւնը վերականգնենք, սակայն այս կառավարութիւնը չի գիտեր ինչպէ՛ս ատիկա ընել», եզրափակեց Լափիտ:

Մինչ այդ, Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը որդեգրած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի, պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի, ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Հայիմ Քացի` անվտանգութեան մարմիններու յանձնարարականին վրայ հիմնուած առաջարկը` պատերազմին պատճառով պանդոկներու մէջ մնացող գաղթականներուն տրամադրուող ելեւմտական աջակցութեան մինչեւ 30 սեպտեմբեր երկարաձգումին մասին: Այդ գումարը շուրջ 3,3 միլիառ շեքել է:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քըրպի. «Հըզպալլայի Վերջին Յարձակումը Իր Տարողութեամբ Աւելի Մեծ Էր Եւ Տարբեր, Քան Այն, Ինչ Որ Ամէն Օր Կը Տեսնէինք»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.