– ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ կէսօրէ ետք յայտարարեց. «30 հազար թոն քարիւղով բեռցուած քարիւղատար «Այն Աքր» նաւը հասաւ Զահրանի եւ սկսաւ իր բեռը պարպել, ինչ որ կ՛արտօնէ ելեկտրականութեան մատակարարումը 4-էն 6 ժամի բարձրացնել»:
Նաւը բեռցուած է Լիբանանի օգնութեան համար Ալճերիոյ յատկացուցած քարիւղով:
– ԻՍՐԱՅԷԼԸ մեր տունն է կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման յայտարարեց. «Նեթանիահուն ու անոր կառավարութիւնը լքեցին Գալիլիան եւ հիւսիսը, ինչպէս նաեւ սահմանին վրայ անվտանգութիւնը վերականգնելու համար իսրայէլեան բանակի Լիբանանի մէջ գործի լծուելու ընտրանքը»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը գրեց, որ «իրանեան առանցքի համապարփակ պատերազմի պատրաստ չըլլալուն եւ մեծ մագլցումի համար ժամանակը անյարմար նկատելուն, ինչպէս նաեւ իրողապէս ստացած հարուածներուն» լոյսին տակ Իսրայէլ պէտք է հիմա յարձակողական ըլլայ, փոխանակ հետագային պաշտպանողական ըլլալու, երբ սպառնալիքը աւելի մեծ պիտի ըլլայ:
«Իսրայէլ պէտք է հիմա նախաձեռնէ, որովհետեւ պաշտպանութեան լաւագոյն ձեւը ուժեղ յարձակումն է», գրեց օրաթերթը:
– ՀԱՒԱՍՏԻ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ Ուաշինկթըն միաժամանակ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն վրայ ճնշում բանեցուցած է մագլցումը զսպելու եւ կողմերը յորդորելու դիւանագիտական լուծման ուղին ընտրելու:
Մագլցումի վտանգին նկատմամբ կողմերուն իրենց մտահոգութիւնները յայտնած են նաեւ ֆրանսացիներն ու բրիտանացիները:
– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբերը յայտնեց. «Մենք չմասնակցեցանք կիրակի օր Իսրայէլի` Հըզպալլայի դիրքերուն դէմ շղթայազերծած կանխարգելիչ հարուածներուն»:
Բանբերը, սակայն, յայտարարեց. «Ուաշինկթըն Իսրայէլին Հըզպալլայի յարձակումները վերահսկելու համար հետախուզական տեղեկութիւն ու աջակցութիւն տրամադրեց»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակէն հրամանատար մը իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնած է. «Հըզպալլայի վրայ յարձակումը քանի մը ամսուան պատրաստութեան կարօտեցաւ, եւ կուսակցութիւնը կը փորձէ իրեն հասած վնասներուն տարողութիւնը հասկնալ»:
Ան յայտնեց, թէ անցնող 10 ամսուան ընթացքին «Լիբանանի մէջ աւելի քան 7000 յարձակում գործեցինք եւ Հըզպալլայի աւելի քան 550 զինեալ սպաննեցինք»:
– ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Մոհամետ Նուրռահման Շէյխի ներկայութեամբ ստորագրեց արեւային ուժանիւթի միջազգային դաշինքին անդամակցութեան համաձայնագիրը:
Ֆայեատ նշեց. «Արեւային ուժանիւթի միջազգային դաշինքին միացումը Լիբանանի դէպի ուժանիւթային բաւարարութիւն երթին մէջ շրջադարձային կէտ է»: Ան նաեւ աւելցուց. «Մենք յանձնառու ենք արագացնելու վերանորոգուող ուժանիւթի, մանաւանդ արեւային ուժանիւթի որդեգրումը` իբրեւ ուժանիւթային մնայուն եւ տնտեսական ապագայի ապահովման ազգային ռազմավարութեան մէկ մասը»: