Լիբանանեան

Հըզպալլա Գուժեց Սէյիտ Նասրալլայի Նահատակութիւնը

Հըզպալլա Գուժեց Սէյիտ Նասրալլայի Նահատակութիւնը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Իր Ոճրային Յարձկումները. Լիբանանեան Պետութիւնը Եռօրեայ Պաշտօնական Սուգ Յայտարարեց Հըզպալլան շաբաթ օր պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան Պէյրութի Հարաւային արուարձանին մէջ կուսակցութեան կեդրոնատեղիին վրայ ուրբաթ օրուան իսրայէլեան բուռն յարձակումին հետեւանքով նահատակուած է: Իսրայէլեան օդուժը յարձակումի ընթացքին 2000 թոն կշռող ամրոցներ քանդող ռումբեր օգտագործած էր: Լիբանանի վարչապետարանը սէյիտ Նասրալլայի նահատակութեան առիթով այսօր սկսող եռօրեայ...

Պայտըն. «Զինադադարի Ժամանակը Հասաւ»

Պայտըն. «Զինադադարի Ժամանակը Հասաւ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Լիբանանի վրա իսրայէլեան լայնածաւալ օդային յարձակումներէն ետք կոչ ուղղեց զինադադար հաստատելու: Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ Իսրայէլի Լիբանան ցամաքային ներխուժումը անխուսափելի՞ է, Պայտըն ըսաւ. «Զինադադար հաստատելու ժամանակը հասաւ»: Ան շաբաթ օր յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկումը «արդար միջոցառում» է` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ ամբողջովին կը զօրակցին Իսրայէլի` Իրանի աջակցութիւնը վայելող...

Միքաթի. «Պատերազմը Որքան Ալ Երկարի,  Ի Վերջոյ Պիտի Վերադառնանք Թիւ 1701 Որոշումին»

Միքաթի. «Պատերազմը Որքան Ալ Երկարի, Ի Վերջոյ Պիտի Վերադառնանք Թիւ 1701 Որոշումին»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ Արտակարգ իրավիճակներու կառավարական յանձնախումբի ժողովէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ «ներկայ ներքին տեղահանութիւնը Լիբանանի պատմութեան մեծ մեծագոյնն է»` աւելցնելով. «Կը նախատեսենք, որ հարաւային Լիբանանէն, Պեքաայէն ու Հարաւային արուարձաններէն տեղահանուածներուն թիւը հասնի մէկ միլիոնի»: «Վերջին կոչս այն է, որ այսօր ոչ դիւրին կացութեան մէջ ենք, եւ իրարու հետ կը գործակցինք անցնելու համար այս փուլը` ըլլայ...

Խամենէի. «Նասրալլային Երթը Պիտի Շարունակուի,  Եւ Դիմադրութեան Հարուածները Աւելի  Ուժեղ Ու Յստակ Պիտի Ըլլան»

Խամենէի. «Նասրալլային Երթը Պիտի Շարունակուի, Եւ Դիմադրութեան Հարուածները Աւելի Ուժեղ Ու Յստակ Պիտի Ըլլան»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց. «Նահատակ Ապպաս Մուսաուիի (Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար, «Ա.») արիւնը չմսխուեցաւ, եւ նահատակ սէյիտ Հասան Նասրալլայի արիւնն ալ պիտի չմսխուի»: Ան Իրանի մէջ հնգօրեայ սուգ յայտարարեց: «Դիմադրութեան սէյտին երթը պիտի շարունակուի, եւ Դիմադրութեան սիոնական գոյացութեան մարմինին հասցուցած հարուածները աւելի ուժեղ պիտի ըլլան», յայտնեց Խամենէի: «Դիմադրութեան ճակատը ականաւոր ղեկավար մը կորսնցուց, Հըզպալլան աննախադէպ ղեկավար...

Քըրպի. «Լիբանանի Մէջ Յարձակումներուն  Չմասնակցեցանք, Եւ Մասնակից Ենք Պատերազմի  2-րդ Ճակատի Բացման Կանխարգիլման Դիւանագիտութեան»

Քըրպի. «Անկասկած, Հըզպալլան Այսօր Հազիւ Մէկ Շաբաթ Առաջ Մեր Ճանչցած Նոյն Կուսակցութիւնը Չէ»

Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հաղորդակցութիւններու պատասխանատու Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Անկասկած, Հըզպալլան այսօր հազիւ մէկ շաբաթ առաջ մեր ճանչցած նոյն կուսակցութիւնը չէ»: «Հըզպալլայի ղեկավարութեան կառոյցը գրեթէ ոչնչացաւ, եւ Իսրայէլ անցնող օրերուն հազարաւոր հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր քանդեց», աւելցուց Քըրպի: Սպիտակ տան անվտանգութեան խորհուրդի հաղորդակցութիւններու պատասխանատուն նաեւ նշեց. «Յստակ չէ, թէ Հըզպալլան ինչպէ՛ս պիտի վարուի իր ղեկավարութեան կառոյցի...

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  Լիբանանի Օժանդակող Երկիրներու Համախմբումը  Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Կազմուի  Արդիւնաբեր Կառավարութիւն

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Ֆրանսան դէմ է Լիբանանի մէջ իսրայէլեան որեւէ ցամաքային գործողութեան»: Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց` «անմիջապէս դադրեցնելու Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումները, եւ կը դատապարտենք քաղաքայիններուն դէմ որեւէ անկանոն արարք»: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարօ իր կարգին վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէ մը ետք Հըզպալլայի եւ Իրանի կոչ ուղղեց` ետ կանգնելու որեւէ արարքէ, որ...

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ  Իսրայէլեան Բուռն Յարձակում

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակում

Իսրայէլեան օդուժը երէկ բուռն յարձակում մը գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Հարեթ Հրէյք շրջանին վրայ: «Հատաս» հաղորդեց, որ միայն 3 վայրկեանի մէջ 10 հրթիռներ հարուածած են շրջանը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ օգտագործուած են 2000 թոն կշռող ամրոցներ քանդող ռումբեր: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 6 շէնքեր գետնի հաւասար դարձած են: Յարձակումին պատճառով արձանագրուեցան 2 զոհեր եւ 76 վիրաւորներ: Իսրայէլեան...

Ֆրանս-Ամերիկեան Առաջարկը  Տակաւին Սեղանի Վրայ Է

Ֆրանս-Ամերիկեան Առաջարկը Տակաւին Սեղանի Վրայ Է

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլը տեղեակ պահած են միջազգային եւ շրջանային այլ գործընկերներու հետ գործակցաբար Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման առաջարկ ներկայացնելու իրենց մտադրութեան մասին: «Իսրայէլ համաձայն է Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած նախաձեռնութեան նպատակներուն` հիւսիսային մեր սահմանի երկայնքին մարդոց իրենց տուները ապահով վերադառնալ արտօնելու համար», նշեց գրասենեակը` նշելով. «Իսրայէլ կը գնահատէ այս առումով ամերիկեան ջանքերը, որովհետեւ շրջանին...

Պըրրի. «Միջազգային Կողմերու Հետ Իսրայէլեան  Մագլցումը Զսպելու Լուրջ Ջանքեր Կը Թափեմ,  Եւ Յառաջիկայ 24 Ժամը Վճռորոշ Պիտի Ըլլայ»

Պըրրի. «Մեզի Ինկածը Ըրինք, Այժմ Գնդակը Թշնամիին Դաշտն Է»

«Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, անդրադառնալով զինադադարի հաստատման հարցին, իր այցելուներուն յայտնած է. «Մեզի ինկածը ըրինք, այժմ գնդակը թշնամիին դաշտն է»: Ան նշած է, որ Լիբանանի ներկայացուցած առաջարկը «հիմնուած է հիմնական սկզբունքի մը վրայ, որ Լիբանանի եւ Կազայի մէջ միաժամանակեայ զինադադարն է, եւ մեծ պետութիւնները անոր զօրակցութիւն յայտնեցին»: Խորհրդարանի նախագահը «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» օրաթերթին հետ զրոյցի մը...

Պայտըն Եւ Մաքրոն. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի  Կառավարութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղենք` Համաձայնելու  Զինադադարի Հաստատման Միացեալ Կոչին»

Պայտըն Եւ Մաքրոն. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Կառավարութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղենք` Համաձայնելու Զինադադարի Հաստատման Միացեալ Կոչին»

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նիստի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարի հաստատման եւ «աւելի լայնածաւալ պատերազմ արգիլելու» կարելիութիւնները: Երկու նախագահները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Անցնող օրերուն միասնաբար աշխատեցանք զինադադար հաստատելու միացեալ կոչի մը վրայ`...

Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ  Դարձեալ Օդային Յարձակում

Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Դարձեալ Օդային Յարձակում

Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 3:15-ին յարձակում գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ: Ասիկա 8 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր 6-րդ յարձակումն էր, իսկ մէկ շաբթուան ընթացքին 4-րդը: Յարձակումի ենթարկուեցաւ Հատի Նասրալլա մայրուղիին մօտ գտնուող Ռուէյս խաչմերուկին վրայ գտնուող 10 յարկանի շէնք մը, որ մեծ վնասներ կրեց: Մեծ վնասներ կրեցին նաեւ մօտակայ շէնքերը: Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ յարձակումը...

21 Օր Տեւողութեամբ Զինադադար  Հաստատելու Կոչ

21 Օր Տեւողութեամբ Զինադադար Հաստատելու Կոչ

Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Քանատայի, Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ճափոնի, Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի իշխանութիւնները կոչ ուղղեցին Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ 21 օր տեւողութեամբ զինադադար հաստատելու: Նշեալ երկիրները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կացութիւնը շրջանային աւելի լայն մագլցումի վտանգ կը ներկայացնէ»: «Ժամանակն է գտնելու փոխզիջումնային լուծում մը, որ սահմանի երկու կողմերու քաղաքայիններուն կ՛արտօնէ...

Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Ընթացքին.  Միքաթի. «Լիբանանը Բարիք Չ՛ուզեր, Այլ Միջազգային  Օրէնքին Հիմամբ Իր Իրաւունքը Կը Պահանջէ»

Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Ընթացքին. Միքաթի. «Լիբանանը Բարիք Չ՛ուզեր, Այլ Միջազգային Օրէնքին Հիմամբ Իր Իրաւունքը Կը Պահանջէ»

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Լիբանանի հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Լիբանանը իսրայէլեան «ելեկտրոնային, համացանցային, օդային եւ ծովային» յարձակումի զոհ է, «եւ յարձակումը կրնայ ցամաքային, աւելի՛ն` շրջանային լայնածաւալ պատերազմի թատերաբեմի վերածուիլ, եւ կը յուսամ այս յարձակումը դադրեցնելու եւ երկրիս գերիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը յարգելու ձեր յստակ դիրքորոշումով զինուած վերադառնալ Լիբանան»: «Եկանք հաստատելու Լիբանանի...

Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Ընթացքին.  Միքաթի. «Լիբանանը Բարիք Չ՛ուզեր, Այլ Միջազգային  Օրէնքին Հիմամբ Իր Իրաւունքը Կը Պահանջէ»

Ապահովութեան Խորհուրդի Ժողովին Ընթացքին Լիբանանը Մէկ Այլ Կազայի Վերածուելէ Զգուշացումներ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Ֆրանսայի պահանջով գումարեց արտակարգ ժողով մը` քննարկելով երկուշաբթի օր Լիբանանի վրայ Իսրայէլի օդային լայնածաւալ յարձակումի շղթայազերծումն ու ցամաքային ներխուժում կատարելու պատրաստուիլը: Նիստի ընթացքին հնչեցին մագլցումը դադրեցնելու կոչեր եւ շրջանային լայնածաւալ պատերազմի ծագումէն զգուշացումներ: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, թէ «Լիբանանը անդունդի եզրին է»` վերահաստատելով իր զգուշացումը, թէ աշխարհը Լիբանանի մէկ այլ Կազայի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ դպրոցներուն մէջ ապաստանած տեղահանուածներուն թիւը շուրջ 68 հազար է, եւ տեղահանուածներու եւ ապաստանի վայրերու թիւերը հաւանաբար բարձրանան` նշելով, որ այդ վայրերուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի կրթութեան նախարարութեան: Ան նշեց, որ կրթութեան նախարարութեան պատկանող 445 կրթական հաստատութիւններ տեղահանուածներ կը պատսպարեն: Հալապի սեփական վարժարաններուն կոչ ուղղեց` կրթական տարեշրջանի...

Իսրայէլ 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակեց Լիբանանի Վրայ  Իր Յարձակումը. Դիմադրութիւնը Հակադարձեց  Հրթիռակոծելով Սաֆատը, Հայֆան Եւ Մոսատի Կեդրոնատեղին

Իսրայէլ 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակեց Լիբանանի Վրայ Իր Յարձակումը. Դիմադրութիւնը Հակադարձեց Հրթիռակոծելով Սաֆատը, Հայֆան Եւ Մոսատի Կեդրոնատեղին

Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտէն յարձակումներու շարք մը շղթայազերծեց հարաւային Լիբանանի մէջ բազմաթիւ գիւղերու եւ Պեքաայի վրայ, եւ մասնաւորաբար բուռն կերպով հարուածեց Նապաթիէի շրջանը: Արձանագրուեցան 51 զոհեր եւ 223 վիրաւորներ: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Բանակը առաջին անգամ ըլլալով յարձակում կը գործէ Պէյրութի հիւսիսը Լեռնալիբանանի մէջ գիւղի մը վրայ, որ սահմանէն շուրջ 120 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է»: Ձայնասփիւռի կայանը կ՛ակնարկէր Քեսրուանի...

Մագլցումի Մեղմացման  Դիւանագիտական Ջանքեր

Մագլցումի Մեղմացման Դիւանագիտական Ջանքեր

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն նշեց. «Շրջանին մէջ մագլցումի վտանգը սուր է, եւ մեծապէս կը կեդրոնանանք ատոր վրայ»: «Դիւանագիտութիւնն ու մեր համակարգուած ջանքերը անհրաժեշտ են` արգիլելու համար յաւելեալ մագլցում եւ ճամբան հարթելու համար յաւելեալ խաղաղութեան ու կայունութեան», ըսաւ Պլինքըն: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց. «Բոլոր գործընկերներուն հետ անդուլ աշխատանք կը տանինք համապարփակ պատերազմէն խուսափելու եւ դիւանագիտական հոլովոյթի անցնելու»: «Մեր...

Պըրրի. «Միջազգային Կողմերու Հետ Իսրայէլեան  Մագլցումը Զսպելու Լուրջ Ջանքեր Կը Թափեմ,  Եւ Յառաջիկայ 24 Ժամը Վճռորոշ Պիտի Ըլլայ»

Պըրրի. «Միջազգային Կողմերու Հետ Իսրայէլեան Մագլցումը Զսպելու Լուրջ Ջանքեր Կը Թափեմ, Եւ Յառաջիկայ 24 Ժամը Վճռորոշ Պիտի Ըլլայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ միջազգային կողմերու հետ, ներառեալ Միացեալ Նահանգները, «լուրջ ջանքեր» կը թափէ Լիբանանի նկատմամբ իսրայէլեան վերջին մագլցումը զսպելու համար` ընդգծելով, որ յառաջիկայ 24 ժամերը այս նախաձեռնութեան տագնապին քաղաքական լուծման հասնելու յաջողութեան կամ ձախողութեան համար «վճռորոշ» պիտի ըլլան: Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ներկայիս այդ աշխուժ ջանքերը ընթացքի մէջ են` ամբողջական համակարգում կատարելով...

Եգիպտոսը, Յորդանանն Ու Իրաքը Կը Դատապարտեն Լիբանանի Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակումը

Եգիպտոսը, Յորդանանն Ու Իրաքը Կը Դատապարտեն Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը

Եգիպտոսը, Յորդանանն ու Իրաքը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով զգուշացուցին. «Իսրայէլ շրջանը դէպի համապարփակ պատերազմ կը մղէ»: Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարները Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի 79-րդ Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ իրենց գումարած ժողովէն ետք հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեցին, որ քննարկած են «շրջանին մէջ ընթացող վտանգաւոր մագլցումը»: Երեք երկիրներու դիւանագիտութեան պետերը շեշտեցին. «Այս մագլցումի դադրեցումը կը սկսի Կազայի մէջ...

Ֆրանչիսկոս Պապը Դատապարտեց Լիբանանի Մէջ  «Ահաւոր Եւ Անընդունելի Մագլցումը»

Ֆրանչիսկոս Պապը Դատապարտեց Լիբանանի Մէջ «Ահաւոր Եւ Անընդունելի Մագլցումը»

Ֆրանչիսկոս պապը դատապարտեց Լիբանանի մէջ «ահաւոր մագլցումը»` զայն նկատելով «անընդունելի»: Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` ամէն ջանք թափելու այդ մագլցումին վերջ տալու: «Զիս կը տխրեցնեն լուրերը, որոնք կը հասնին Լիբանանէն, ուր բուռն հարուածները անցնող օրերու ընթացքին բազմաթիւ զոհեր եւ աւեր պատճառած են», նշեց պապը: Ֆրանչիսկոս պապը յոյս յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը «կարելի եղած ամէն ջանք թափէ այս ահաւոր մագլցումին վերջ...

Page 178 of 986 1 … 177 178 179 … 986

Արխիւներ