Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Ընթացքին. Միքաթի. «Լիբանանը Բարիք Չ՛ուզեր, Այլ Միջազգային Օրէնքին Հիմամբ Իր Իրաւունքը Կը Պահանջէ»

September 27, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Լիբանանի հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Լիբանանը իսրայէլեան «ելեկտրոնային, համացանցային, օդային եւ ծովային» յարձակումի զոհ է, «եւ յարձակումը կրնայ ցամաքային, աւելի՛ն` շրջանային լայնածաւալ պատերազմի թատերաբեմի վերածուիլ, եւ կը յուսամ այս յարձակումը դադրեցնելու եւ երկրիս գերիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը յարգելու ձեր յստակ դիրքորոշումով զինուած վերադառնալ Լիբանան»:

«Եկանք հաստատելու Լիբանանի կայունութեան, անվտանգութեան, գերիշխանութեան եւ զայն պաշտպանելու Լիբանանի իրաւունքը», նշեց ան` աւելցնելով. «Քաղաքային զոհերուն թիւը կը բարձրանայ, եւ հիւանդանոցները այլեւս անկարող են յաւելեալ վիրաւորներ ընդունիլ»:

«Ֆրանսան միշտ Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին բարեկամ ու հաւատարիմ էր, եւ ամէնէն դժուար պահերուն մեր կողքին կանգնեցաւ: Եւ ատոր լաւագոյն փաստը այն անկեղծ ջանքն է, որ այժմ Ֆրանսան Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցաբար կը թափէ այս կեղտոտ պատերազմին վերջ տալու միջազգային աջակցութիւն վայելող միացեալ հաղորդագրութիւն հրապարակելու», նշեց Միքաթի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արաբական խմբակի ներկայացուցիչ Ալճերիոյ` Լիբանանի նկատմամբ շարունակուող աջակցութեան համար:

«Այն, ինչ որ այսօր կը տեսնենք, աննախադէպ մագլցում է, ուր կը դիմուի նոր միջոցներու եւ մեքանիզմներու, մասնաւորաբար` ելեկտրոնային, ժողովուրդիս զաւակներուն վնաս հասցնելու համար», ըսաւ ան:

Միքաթի նշեց, որ ինք Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ներկայ չի գտնուիր պարզապէս բողոք ներկայացնելու, այլ նիստէն դուրս գալու լուրջ լուծումով մը, որ շեշտը կը դնէ Ապահովութեան խորհուրդի ջանքերուն մէկտեղման վրայ` բոլոր ճակատներուն վրայ անմիջական զինադադար հաստատելու համար Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու եւ «մեր շրջանին անվտանգութեան ու կայունութեան վերականգնման համար»:

«Լիբանանցի ժողովուրդը կը մերժէ պատերազմը, կայունութեան կը հաւատայ եւ ապագայի համար կ՛աշխատի», ընդգծեց Միքաթի:

Վարչապետի պաշտօնակատարը նշեց, որ ներկայ լարուածութիւնը հետեւանք է անցեալի կուտակումներուն, որոնք արմատական լուծումներու չեն ենթարկուած, եւ Իսրայէլ տարիներ շարունակ չէ դադրած ՄԱԿ-ի որոշումները ոտնահարելէ, մասնաւորաբար թիւ 1701 որոշումը, որ հարաւային Լիբանանի մէջ մնայուն կայունութեան հաստատման շրջագիծ պէտք էր ըլլար:

«ՄԱԿ-ը ստեղծուեցաւ կայունութեան ամրապնդման համար, սակայն այն, ինչ որ այսօր կը տեսնենք, այն է, որ աշխարհը տակաւին անկարող է մեր շրջանին մէջ մարդասիրական շարունակուող ողբերգութիւնը դադրեցնել: Ուստի, յանուն լիբանանցի ժողովուրդին, ձեր խորհուրդը կը դնենք իր պատասխանատուութեան առջեւ` որդեգրելու անմիջական ու վճռական կեցուածք մը, որ վերջ կու տայ մեր ժողովուրդին շարունակուող տառապանքին, եւ դիւանագիտական լուծումներու ճամբան հարթելու: Լիբանանը բարիք չ՛ուզեր, այլ միջազգային օրէնքի հիմամբ իր իրաւունքը, իբրեւ լիբանանցիներ ապահով ապրելու մեր իրաւունքը, մեր ազգային գերիշխանութիւնը պաշտպանելու մեր իրաւունքը եւ մեր մանուկները պատերազմի ուրուականէն ու տագնապներու արհաւիրքէն հեռացնող ապագային մեր իրաւունքը կը պահանջենք:

«Ձեր խորհուրդին ու միջազգային ընտանիքին կը դիմեմ եւ կ՛ըսեմ` ժամանակն է բռնութիւնն ու պատերազմները մերժելու եւ գործադրելու միջազգային որոշումները, որպէսզի անոնք թուղթի վրայ չմնան: Գործիքները կան, այժմ կարիքը ունինք անկեղծ կամքի եւ ազդու գործակցութեան: Թող այս առիթը չկորսնցնենք: Պէտք է հիմա շարժինք, որովհետեւ չենք կրնար պատերազմի պատճառով այլ սերունդ մը կորսնցնել», ըսաւ Միքաթի:

Նախորդը

Ապահովութեան Խորհուրդի Ժողովին Ընթացքին Լիբանանը Մէկ Այլ Կազայի Վերածուելէ Զգուշացումներ

Յաջորդը

21 Օր Տեւողութեամբ Զինադադար Հաստատելու Կոչ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.