Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն նշեց. «Շրջանին մէջ մագլցումի վտանգը սուր է, եւ մեծապէս կը կեդրոնանանք ատոր վրայ»:
«Դիւանագիտութիւնն ու մեր համակարգուած ջանքերը անհրաժեշտ են` արգիլելու համար յաւելեալ մագլցում եւ ճամբան հարթելու համար յաւելեալ խաղաղութեան ու կայունութեան», ըսաւ Պլինքըն:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց. «Բոլոր գործընկերներուն հետ անդուլ աշխատանք կը տանինք համապարփակ պատերազմէն խուսափելու եւ դիւանագիտական հոլովոյթի անցնելու»:
«Մեր ունեցած ազդեցութիւնը կ՛օգտագործենք Իրանի վրայ ճնշում բանեցնելու` դադրեցնելու համար մագլցումի հրահրումը», ըսաւ Պլինքըն` նշելով. «Պէտք է համակարգում կատարենք եւ միասնաբար աշխատանք տանինք զսպելու համար Իրանի` կայունութիւնը քայքայող աշխատանքները»:
Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման իր կարգին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ մագլցումը կրնայ ամբողջ շրջանին վրայ ազդել»:
«Որեւէ ջանք պիտի չխնայենք շրջանին մէջ մագլցումը մեղմացնել փորձելու համար», նշեց ան` աւելցնելով. «Կացութիւնը հետզհետէ աւելի վտանգաւոր ու մտահոգիչ կը դառնայ, եւ կը կարծենք, որ մենք բոլորս պատասխանատու ենք զայն դադրեցնելու»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ եւրոպական երկիրներ կը մասնակցին Լիբանանի ու Կազայի մէջ հանդարտեցման առաջարկի պատրաստութեան եւ անոնք կապ կը հաստատեն Իրանի հետ: Աղբիւրները «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են. «Հըզպալլան Կազայի եւ Լիբանանի մէջ որեւէ փոխզիջման նկատմամբ դրականօրէն տրամադրուած է»:
Աղբիւր մը «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ մագլցումի մեղմացման փաստաթուղթը 4 շաբաթ տեւողութեամբ զինադադարի հաստատում կը ներառէ:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Արգելք չունինք Ուաշինկթընի հետ փոխզիջումնային լուծում մը քննարկելու, պայմանով, որ հիւսիսի բնակիչներուն անվտանգութիւնը ապահովէ»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նախարարներուն յայտնած է, որ ռազմավարական հարցերու նախարարը լիազօրած է Ամերիկային փոխանցելու, թէ Իսրայէլ պատրաստ է Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատելու:
Նշենք, որ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Միջազգային կողմերու հետ լուրջ ջանքեր կը թափեմ իսրայէլեան մագլցումը զսպելու համար, եւ յառաջիկայ 24 ժամերը վճռորոշ պիտի ըլլան»: