Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

21 Օր Տեւողութեամբ Զինադադար Հաստատելու Կոչ

September 27, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Քանատայի, Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ճափոնի, Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի իշխանութիւնները կոչ ուղղեցին Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ 21 օր տեւողութեամբ զինադադար հաստատելու:

Նշեալ երկիրները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կացութիւնը շրջանային աւելի լայն մագլցումի վտանգ կը ներկայացնէ»:

«Ժամանակն է գտնելու փոխզիջումնային լուծում մը, որ սահմանի երկու կողմերու քաղաքայիններուն կ՛արտօնէ իրենց բնակավայրերը վերադառնալ», նշեցին անոնք:

Միացեալ հաղորդագրութիւնը ստորագրած պետութիւնները յայտնեցին, որ իրենք պատրաստ են «դիւանագիտական աջակցութիւն տրամադրելու` հասնելու համար համաձայնութեան մը, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ տագնապին վերջ կու տայ»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Միջազգային հաղորդագրութեան եւ Պայտընի ու Մաքրոնի հաղորդագրութեան բանաձեւումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի հետ համակարգումով»:

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա յայտնեց. «Եգիպտոս չդադրեցաւ Լիբանանի մէջ կացութեան հանդարտեցման համար ջանք թափելէ: Իսրայէլեան կողմը պատրուակներ կը ստեղծէ, սակայն պէտք է առիթները օգտագործենք»:

«Եգիպտոս կը զօրակցի որեւէ ջանքի, որուն նպատակը Լիբանանի մէջ կացութիւնը հանդարտեցնելն է, եւ թերեւս յառաջիկայ ժամերը մեզի համար երեւան կը հանեն առաջարկուած համաձայնութեան կարգ մը կէտերը», նշեց դեսպանը:

«Շրջանին մէջ պատերազմին շարունակութիւնը Իսրայէլին կը ծառայէ», ըսաւ ան:

«Իսրայէլեան կողմը ականջ պիտի տայ միայն, եթէ յաւելեալ իսկական ճնշումներու ենթարկուի», նշեց Եգիպտոսի դեսպանը` աւելցնելով. «Իսրայէլեան կողմին վրայ չկայ բաւարար ճնշում, որպէսզի անոր ստիպէ դիւանագիտական հոլովոյթ մուտք գործել»:

 

Նախորդը

Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Ընթացքին. Միքաթի. «Լիբանանը Բարիք Չ՛ուզեր, Այլ Միջազգային Օրէնքին Հիմամբ Իր Իրաւունքը Կը Պահանջէ»

Յաջորդը

Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Դարձեալ Օդային Յարձակում

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.