Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Ֆրանսան դէմ է Լիբանանի մէջ իսրայէլեան որեւէ ցամաքային գործողութեան»: Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց` «անմիջապէս դադրեցնելու Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումները, եւ կը դատապարտենք քաղաքայիններուն դէմ որեւէ անկանոն արարք»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարօ իր կարգին վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէ մը ետք Հըզպալլայի եւ Իրանի կոչ ուղղեց` ետ կանգնելու որեւէ արարքէ, որ կրնայ շրջանին մէջ կայունութեան քայքայումը աւելցնել:

– ԵԳԻՊՏՈՍԻ նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի շաբաթ երեկոյեան հեռաձայնեց Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ ներկայ կացութիւնն ու Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու համար ընթացող ջանքերը:

«Եգիպտոս ներկայ զգայուն կացութեան մէջ լիարժէք կերպով կը զօրակցի Լիբանանին, կը մերժէ անոր գերիշխանութեան որեւէ ոտնահարում եւ կը զօրակցի տագնապի խաղաղ լուծման», ըսաւ Սիսի` շեշտելով. «Եգիպտոս Լիբանանին բժշկական ու մարդասիրական օժանդակութիւններ պիտի ուղարկէ»:

«Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան կոչեց «ահաբեկիչ մը, եւ անոր ձեռքերը ամերիկացիներու արեամբ ներկուած են»:

«Այսօր Հըզպալլայի զոհերը որոշ արդարութիւն ստացան», ըսաւ Հարիս` աւելցնելով. «Միշտ պիտի զօրակցինք Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին»:

– ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Առնչակից կողմերը, մասնաւորաբար Իսրայէլը կը յորդորենք անմիջապէս կացութիւնը հանդարտեցնելու»:

«Մենք Լիբանանի գերիշխանութեան որեւէ ոտնահարման դէմ ենք», շեշտեց նախարարութիւնը:

– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակիցին ըսած է, թէ Ուաշինկթըն վճռական է Իրանին արգիլելու Լիբանանի մէջ կացութիւնը տագնապի ընդլայնման համար շահագործելու:

«Ուաշինկթըն լիարժէք կերպով կը զօրակցի Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին», ըսած է Օսթին` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն յանձնառու է Իսրայէլը պաշտպանելուն»:

– «Օ. ԹԻ. ՎԻ.» հաղորդեց. «Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ստացաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Թէյմուր Ժոմպլաթէն եւ հեռաձայնեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէին»:

– ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի` երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը մարոնի պատրիարքութեան ամառնային հովոց Տիմանի մէջ Ս. պատարագին ներկայ գտնուելէ ետք հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ:

– ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ Ս. պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ յայտնեց. «Լիբանանցիները սուղ գին վճարեցին ազգային ուխտէն դուրս գալու պատճառով: Լիբանանը իր առաքելութիւնը միայն դրական չէզոքութեան ճամբով պիտի կատարէ»:

«Պատերազմին մէջ բոլորս պարտուած ենք, ուստի պէտք է բանակցութիւններու դիմել: Նասրալլայի ահաբեկումը եկաւ լիբանանցիներու սրտերուն մէջ վէրք մը բանալու: Թող նահատակութեան այս դէպքը դուռ մը ըլլայ, որմէ օգտուինք մեր միասնականութիւնը խորացնելու», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

– ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ Լիբանանի ճակատը Կազայի ճակատին կապելու պնդումը դադրեցաւ արդարացում ունենալէ»:

 

Նախորդը

Միւռոնօրհնէք Եւ Սուրբ Էջմիածինի Մայր Տաճարի Վերաօծում

Յաջորդը

Քըրպի. «Անկասկած, Հըզպալլան Այսօր Հազիւ Մէկ Շաբաթ Առաջ Մեր Ճանչցած Նոյն Կուսակցութիւնը Չէ»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.