Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովութեան Խորհուրդի Ժողովին Ընթացքին Լիբանանը Մէկ Այլ Կազայի Վերածուելէ Զգուշացումներ

Սեպտեմբեր 27, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Ֆրանսայի պահանջով գումարեց արտակարգ ժողով մը` քննարկելով երկուշաբթի օր Լիբանանի վրայ Իսրայէլի օդային լայնածաւալ յարձակումի շղթայազերծումն ու ցամաքային ներխուժում կատարելու պատրաստուիլը: Նիստի ընթացքին հնչեցին մագլցումը դադրեցնելու կոչեր եւ շրջանային լայնածաւալ պատերազմի ծագումէն զգուշացումներ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, թէ «Լիբանանը անդունդի եզրին է»` վերահաստատելով իր զգուշացումը, թէ աշխարհը Լիբանանի մէկ այլ Կազայի վերածուելուն չի կրնար տոկալ: Ան զօրակցութիւն յայտնեց զինադադար հաստատելու դիւանագիտական ջանքերուն` նշելով. «Փոխադարձ բուռն կրակոցը Կապոյտ գիծի երկու կողմերուն վրայ քաղաքայինները վտանգի կ՛ենթարկէ»:

Ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը առնուազն 70 միլիոն տոլարի կարիք ունի` հետզհետէ շատցող տեղահանուածներուն կարիքները բաւարարելու համար:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարօ իր խօսքին մէջ զգուշացուց, թէ Լիբանանի մէջ կացութիւնը այսօր «կրնայ անդառնալի կէտի հասնիլ»` նշելով, որ իսրայէլեան օդային հարուածները «Լիբանանի մէջ զոհերու շատ մեծ թիւի արձանագրման յանգեցուցին»: Ան նաեւ Հըզպալլան ամբաստանեց Իսրայէլի մէջ բնակուած շրջանները թիրախաւորել շարունակելու յանցանքով:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու հետ կ՛աշխատի հաստատելու Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ 21 օր տեւող ժամանակաւոր զինադարար մը, որ բանակցութիւններու սկսիլը կ՛արտօնէ:

Պարօ աւելցուց, որ ֆրանս-ամերիկեան ժամանակաւոր զինադադարի ծրագիրը շատ շուտով պիտի յայտարարուի` երկու կողմերուն կոչ ուղղելով` առանց ուշացումի զայն վաւերացնելու:

Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Աթթաֆի յայտնեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Լիբանանին` ընդդէմ իսրայէլեան քարշելի յարձակումին, որ բացարձակ մերժում եւ զայն պատճառողներուն հաշուետուութիւն կը պահանջէ:

«Այն, ինչ որ Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Կազայի մէջ Իսրայէլի գործած ոճիրներուն բոլոր տարրերը կը պարունակէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իսրայէլ կը փորձէ Լիբանանը մէկ այլ Կազայի վերածել»:

Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ Միջին Արեւելքը կարիքը ունի ջանքերու միատեղման` զայն «մօտիկ հորիզոնին վրայ երեւցող ամբողջական պատերազմի չարիքէն զերծ կացուցելու համար»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինին իր կարգին ըսաւ, որ վերջին օրերու զարգացումները ցոյց կու տան, թէ «մեր յոռեգոյն նախատեսութիւնները իրականութիւն դարձան»:

Վերշինին յայտնեց, որ իր երկիրը բուռն կերպով կը դատապարտէ «Լիբանանի մէջ լայնածաւալ զինուորական յարձակումներն ու սադրանքները»:

Ան ըսաւ, որ շրջանին մէջ լայնածաւալ պատերազմէն խուսափումը «Կազայի մէջ արիւնահեղութեան դադրեցում կը պահանջէ»:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակի տեղակալ Ռապըրթ Վուտ ըսաւ, որ Ուաշինկթըն կը ջանայ խուսափիլ Լիբանանի մէջ լայնածաւալ պատերազմէ, որ Իսրայէլի կամ Լիբանանի շահերէն չի բխիր:

Ան աւելցուց, որ դիւանագիտութիւնը հետզհետէ աճող մագլցումին լոյսին տակ աւելի դժուար պիտի դառնայ: «Ոչ ոք 2006-ի պատերազմին նման պատերազմի մը կրկնութիւնը կ՛ուզէ», ըսաւ Վուտ` նշելով, որ Ռուսիան այլ երկիրներու հետ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարի առաջարկի վրայ կ՛աշխատի:

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին ընդգծեց «Լիբանանի կայունութեան, ապահովութեան եւ գերիշխանութեան իրաւունքը»:

«Քաղաքային նահատակներու թիւը կը բարձրանայ, եւ հիւանդանոցները այլեւս անկարող են յաւելեալ վիրաւորներ ընդունիլ», աւելցուց ան:

Միքաթի գնահատեց «այս կեղտոտ պատերազմին վերջ տալու» ֆրանս-ամերիկեան ջանքերը:

ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի պատուիրակ Տանի Տանոն յայտնեց. «Շատեր Հըզպալլայի դիմաց լուռ կը մնան, ինչ որ զայն կը քաջալերէ իր յարձակումները շարունակելու»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր կարգին ըսաւ. «Իսրայէլեան գոյացութեան նպատակը Միջին Արեւելքը համապարփակ պատերազմի մէջ ներքաշելն է»:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետին կարծիքով` Միջին Արեւելքի կացութիւնը կրնայ պայթիլ, եւ Իսրայէլը ամբաստանեց «լիբանանցի ժողովուրդը իր հողերէն տեղահանելու սերտուած մարտավարութիւն» գործադրելու յանցանքով:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Ընթացքին. Միքաթի. «Լիբանանը Բարիք Չ՛ուզեր, Այլ Միջազգային Օրէնքին Հիմամբ Իր Իրաւունքը Կը Պահանջէ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?