Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
- ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Նաշրա» կայքին յայտնած են, թէ տարբեր երկիրներու միջեւ հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ մագլցումը դադրեցնելու համար, եւ «յաջորդ օրուան» մասին լուրջ խօսակցութիւն տեղի կ՛ունենայ, մինչ առնչակիցներուն մօտ մագլցումը դադրեցնելու պատրաստակամութիւն գոյութիւն ունի, ինչ որ երեւան պիտի գայ Նիւ Եորքի մէջ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի ֆրանսացի եւ բրիտանացի պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ...




















