– ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ դպրոցներուն մէջ ապաստանած տեղահանուածներուն թիւը շուրջ 68 հազար է, եւ տեղահանուածներու եւ ապաստանի վայրերու թիւերը հաւանաբար բարձրանան` նշելով, որ այդ վայրերուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի կրթութեան նախարարութեան: Ան նշեց, որ կրթութեան նախարարութեան պատկանող 445 կրթական հաստատութիւններ տեղահանուածներ կը պատսպարեն:
Հալապի սեփական վարժարաններուն կոչ ուղղեց` կրթական տարեշրջանի վերամուտը յետաձգելու, որպէսզի սեփական եւ պետական վարժարաններու վերամուտերուն միջեւ մեծ տարբերութիւն չըլլայ: Ան նաեւ կոչ ուղղեց կրթաթոշակներու հարցով բարեացական վերաբերմունք ցուցաբերելու` «նկատի ունենալով ներկայ դժուար պայմանները»:
Աւելի ուշ ան «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ սեփական վարժարաններուն փոխանցած է, թէ դասաւանդման առկախումը պէտք է մինչեւ 7 հոկտեմբեր երկարաձգել:
– ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ ապաստանի կեդրոններուն մէջ եղող եւ արձանագրուած տեղահանուածներուն թիւը 70100 է, եւ անոնք կը գտնուին 533 կեդրոններու մէջ: Ան աւելցուց, որ երեք օրուան ընթացքին 13500 սուրիացիներ Լիբանանէն Սուրիա վերադարձած են, «եւ ատկէ մեկնելով կ՛ըսենք, որ սուրիացին կարող է իր երկիրը վերադառնալ»:
– ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ապահովական երկու աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ այս շաբթուան սկիզբէն ի վեր իսրայէլեան բուռն օդային յարձակումներուն պատճառով աւելի քան 22000 անձեր, որոնց մեծամասնութիւնը` սուրիացիներ», Լիբանանէն Սուրիա անցած են:
Աղբիւրներէն մէկուն համաձայն, աւելի քան 6000 լիբանանցիներ եւ շուրջ 15 հազար սուրիացիներ երեք օր առաջ եւ մինչեւ հինգշաբթի առտու շտապ կերպով անցած են Ժտէյտեթ Եապուս սահմանային անցակէտը: Աղբիւր մը յայտարարած է, թէ շուրջ 1000 լիբանանցիներ եւ շուրջ 500 սուրիացիներ երկուշաբթի օրուընէ ի վեր Ժուսիէ անցակէտին ճամբով մուտք գործած են Սուրիա:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ, որ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին եւ յայտարարեց, որ Թուրքիան պատրաստ է Լիբանանին ամէն քաղաքական ու մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու, որպէսզի տագնապէն դուրս գայ:
Պու Հապիպ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փիթեր Սիարթոյի հետ, որ զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանցի ժողովուրդին եւ անոր օժանդակութիւններու տրամադրումը յայտարարեց:
Սիարթօ Հունգարիոյ մեծ դժգոհութիւնը յայտնեց Լիբանանի մէջ պայթեցուած անթել հաղորդակցութեան սարքերու արտադրութեան հունգարական ընկերութեան մեղսակցութեան վերաբերեալ լրատուամիջոցներու կողմէ շրջանառուած «կեղծ լուրերուն» նկատմամբ եւ այդ լուրերը «սխալ» որակեց:
– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ խօսած է տեղահանուածներ ընդունող շրջաններուն մէջ ելեկտրականութեան սպառման տագնապի մասին` նշելով, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան պահեստներուն մէջ գտնուող կազ օյլը 30 հազար թոն է, իսկ օրական սպառումը` 2500 թոն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ պահեստը 12 օրուան կը բաւէ:
Ան նախատեսեց, որ պահեստի քանակը յառաջիկայ օրերուն բարձրանայ, երբ Իրաքէն 60 հազար թոն յաւելեալ կազ օյլ հասնի, ապա այլ 24 հազար թոն կազ օյլ, ինչ որ պահեստը պիտի բարձրացնէ աւելի քան 110 հազար թոնի եւ կը բաւէ 45 օրուան համար:
– ՍՊԱՆԻՈՅ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ յայտնեց. «Լիբանանի մէջ մագլցումը վտանգաւոր է, եւ Սպանիան բուռն կերպով կը դատապարտէ անմեղ քաղաքայիններու սպանութիւնը»:
«Կոչ կ՛ուղղենք` դիւանագիտութեան ճամբով մագլցումը նուազեցնելու եւ հանդարտեցնելու, եւ պէտք է միջազգային օրէնքը յարգել», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պէտք է Կազայի մէջ տագնապին վերջ տանք եւ լուծենք պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին արմատական պատճառները»:
– ԹՈՒՐՔԻՈՅ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Թուրքիա կը պատրաստուի իր քաղաքացիներուն Լիբանանէն հաւանական տարհանման»:
– ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` Լիբանանէն հեռանալու:
– ԱԼԷՅ գաւառի Քահհալէ շրջանին մէջ ինքնաշարժի մը մէջ տեղի ունեցած պայթումի մը պատճառով արձանագրուեցաւ վիրաւոր մը: Աղբիւր մը «Հատաս»-ին յայտնեց, որ ան Պաալպեքի շրջանէն Հըզպալլայի անդամ Ալի Մոհամետ Համմուտն է եւ անօդաչու թռչող սարքի մը կողմէ յարձակումի ենթարկուած է: