Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պետական Աղբիւր Մը` «Ժազիրա»-ին. «Ամերիկեան Նախագիծը Վերջնական Ընթերցման Կ՛ենթարկուի, Եւ Կը Ջանանք Անոր Վրայ Վերջին Բարեփոխումները Կատարել»

November 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան պետական աղբիւր մը «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Լիբանան դրական կերպով կ՛ընկալէ ամերիկեան առաջարկի նախագիծի պարունակութիւնը, անոր նկատմամբ դրական մօտեցում կը ցուցաբերենք»:

«Ամերիկեան առաջարկը կը ձգտի զինադադարի հաստատման գործնական ծրագիր մը կառուցել», նշած է աղբիւրը:

«Ամերիկեան առաջարկը նկատի կ՛առնենք մեկնելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումէն եւ արգելք չունինք զինադադարի ու թիւ 1701 որոշումի հսկողութեան եռակողմ յանձնախումբի աշխատանքի ամրապնդման նկատմամբ», աւելցուցած է աղբիւրը:

Սակայն լիբանանեան պետական աղբիւրը նշած է. «Եռակողմ յանձնախումբի աշխատանքի ամրապնդումէն առաջ պէտք է իսրայէլեան հեռացում եւ լիբանանեան բանակի տեղակայում տեղի ունենայ»:

«Ամերիկեան նախագիծը վերջնական ընթերցումի կ՛ենթարկուի, եւ կը ջանանք անոր վրայ վերջին բարեփոխումները կատարել», աւելցուցած է աղբիւրը:

«Նախագիծին վերաբերեալ մեր դիտողութիւնները պիտի քննարկուին ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ», շեշտած է աղբիւրը:

Լիբանանեան կառավարական աղբիւրներ իրենց կարգին «Ժազիրա»-ին յայտնեցին. «Հըզպալլան զինադադարի հաստատման ամերիկեան նախագիծին նկատմամբ դրական մօտեցում կը ցուցաբերէ»:

«Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ Լիբանան Ուաշինկթընի ջանքերուն նկատմամբ դրական մօտեցում կը ցուցաբերէ, եւ հաւանական է, որ հինգշաբթի օր զինադադար յայտարարուի:

 

 

Նախորդը

Միքաթի. «Հոքշթայն Շուտով Լիբանան Պիտի Ժամանէ Յստակ Չեղող Թղթածրարները Դէմ Առ Դէմ Կը Լուծուին, Եւ Իսրայէլի Զինուորական Գործունէութեան Ազատութեան Վերաբերեալ Պայմանի Մասին Չեմ Լսած»

Յաջորդը

Հոքշթայն Այսօր Պէյրութ Կ՛այցելէ

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.