Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖԻՆԻՒԼ. «Շարունակուող Տագնապին Եւ Մեր Աշտարակներուն Վնասուելուն Պատճառով Հսկողութեան Մեր Կարողութիւնը Շատ Սահմանափակ Է»

November 20, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շարունակուող տագնապին եւ մեր աշտարակներուն վնասուելուն պատճառով հսկողութեան մեր կարողութիւնը շատ սահմանափակ է: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերը:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերը` ՖԻՆԻՒԼ-ը կիրակի օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ շաբաթ կէսօրին ֆրանսացի եւ ֆինլանտացի խաղաղապահներէ բաղկացած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժ մը Պըտիաս գիւղին մէջ պարեկութիւն կատարելու ընթացքին խումբ մը անհատներ, որոնցմէ առնուազն մէկը զինուած էր, անոնց աշխատանքին արգելք հանդիսացած են:

Պարեկութիւն կատարող զինուորները յաջողած են շրջանցել խոչընդոտները եւ շարունակած իրենց ծրագրուած երթը:

«Մէկ ժամ ետք, այդ ուժին Մաարաքէ գիւղէն անցած ընթացքին անոր թիկունքէն շուրջ 40 փամփուշտ արձակուած է, եւ հաւանական է, որ այդ կրակոցը ոչ կառավարական կողմերու անդամ անհատներու կողմէ էր: Կարճ ժամանակ ետք պարեկներուն հրամանատարը հրամայած էր շրջանէն արագօրէն դուրս գալ` պահելով ծրագրուած երթը, պարեկութիւն կատարող ուժը ապահով կերպով հասաւ Տէյր Քիֆայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ռազմակայան, եւ անմիջապէս լիբանանեան զինեալ ուժերը տեղեակ պահուեցան դէպքին մասին», նշեց ՖԻՆԻՒԼ-ը:

Միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հակառակ այն իրողութեան, որ կարգ մը մեքենաներ փամփուշտներ  ստացած են, սակայն խաղաղապահ զինուորներէն ոչ ոք վնասուած է:

ՖԻՆԻՒԼ դէպքին շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկած է:

«ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ զինուորները Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ անոնց վստահուած առաքելութիւնը կատարելու ընթացքին կանոնաւոր կերպով թիրախաւորելը անընդունելի է: Երէկուան դէպքը նոր խիստ յիշեցում է այն վտանգաւոր կացութեան մասին, որուն մէջ հարաւային Լիբանանի մէջ առօրեայ դրութեամբ կ՛աշխատին խաղաղապահ զինուորները», նշեց ՖԻՆԻՒԼ-ի հաղորդագրութիւնը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պու Հապիպ Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Զինադադարի Հաստատման Ջանքերը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.