Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Հոքշթայն Շուտով Լիբանան Պիտի Ժամանէ Յստակ Չեղող Թղթածրարները Դէմ Առ Դէմ Կը Լուծուին, Եւ Իսրայէլի Զինուորական Գործունէութեան Ազատութեան Վերաբերեալ Պայմանի Մասին Չեմ Լսած»

November 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց. «Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն շուտով Լիբանան պիտի այցելէ, եւ յստակ չեղող թղթածրարները դէմ առ դէմ կը լուծուին»:

«Ամերիկեան նախագիծին Լիբանանի պատասխանը դրական էր, սակայն կարգ մը կէտեր քննարկումի կը կարօտին, եւ կը յուսանք Լիբանանի մէջ կարելի եղածին չափ շուտ զինադադար գոյացնել», նշեց Միքաթի:

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատարը «Թելեւիզիոն Արապի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Մեզի համար ամերիկեան նախագիծին մէջ գլխաւոր խորագիրը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրումն է, եւ Լիբանան անոր գործադրման յանձնառու է: Մեր նպատակն է, որ անիկա Լիթանիէն հարաւ գործադրուի, ինչպէս որոշումին մէջ նշուած է: Պէտք է կայունութիւն հաստատել եւ դադրեցնել հարաւային Լիբանանի մէջ քանդումն ու արիւնահեղութիւնը»:

«Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին կը ղեկավարէ ամերիկացի պատուիրակին հետ բանակցութիւնները, եւ ես անոր հետ մնայուն կապի մէջ եմ, Լիբանանի մէջ Իսրայէլի զինուորական գործունէութեան ազատութեան վերաբերեալ պայմանի մասին չեմ լսած, եւ ատիկա պարզապէս ենթադրութիւն է», աւելցուց ան:

«Զիս հետաքրքրողը հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակի ներկայութեան ամրապնդումն է եւ այդտեղ բացի պետութեան զէնքէն այլ զէնք չըլլալն է», յայտնեց Միքաթի:

«Իսրայէլացի թշնամին պէտք է ետդարձ կատարէ որեւէ քայլէ, որ լիբանանեան հողերուն մէջ կատարած է», շեշտեց վարչապետի պաշտօնակատարը:

 

Նախորդը

Միքաթիի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Ապի Ռամիա. «Զինադադարի Համաձայնութիւնը Մօտալուտ Է, Եթէ Իսրայէլ Խուսանաւում Չկատարէ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Պետական Աղբիւր Մը` «Ժազիրա»-ին. «Ամերիկեան Նախագիծը Վերջնական Ընթերցման Կ՛ենթարկուի, Եւ Կը Ջանանք Անոր Վրայ Վերջին Բարեփոխումները Կատարել»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.