– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Քաթար սկսած է Լիբանանի մէջ վերաշինութեան գործողութեան պատրաստութիւններուն, եւ զուգահեռաբար կը խորհրդակցի շարք մը պետութիւններու հետ` այս հոլովոյթին անոնց մասնակցութիւնը ապահովելու համար:
– ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ հետախուզական աղբիւրներ Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են. «Հըզպալլա իր կարգ մը ուժերը փոխադրեց Սուրիա` պաշտպանելու համար այդտեղ գտնուող իր կեդրոնները»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ ապահովական պաշտօնատարներ Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են. «Սուրիոյ դէպքերը կրնան կարճ ժամանակի համար նպաստել Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն վրայ հանդարտութեան հաստատման»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը կը յայտարարէ, թէ յայտնաբերած է դիակը իր սպաներէն մէկուն, որ նահատակուած է Նաքուրայի մէջ իսրայէլեան ուժերու կողմէ թիրախաւորուելուն պատճառով:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հաղորդեց, որ զինուորական մը վիրաւորուած է, երբ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը յարձակում գործած է բանակի քարշակին վրայ, որ հիւսիսային Լիբանանի Հերմել գաւառի Հաուշ Սէյիտ Ալի շրջանին մէջ զինուորական դիրքի ամրապնդման աշխատանք կը տանէր: