Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խիամի Մէջ Տուներու Պայթեցում Եւ Պէյրութի Վերեւ Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարքերու Թռիչքներ

December 2, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ արշալոյսին հարաւային Լիբանանի Մարժաայուն գաւառի Խիամ գիւղին մէջ մեծ պայթում մը տեղի ունեցաւ: Լիբանանի պետական լրատու գործակալութեան համաձայն, հաւանական է, որ իսրայէլեան ուժերը կարգ մը տուներ եւ շէնքեր պայթեցուցած են:

Աւելի ուշ, լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի Սուր գաւառի Եարուն եւ Մարուն գիւղերուն մերձակայքը եւս պայթումի ձայներ լսուած են:

Նշեալ պայթումները անցեալ շաբաթ Լիբանանի հետ կնքուած զինադադարի բացայայտ խախտումներ են:

Շաբաթ օր, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր զինադադարի հաստատումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով թռիչքներ գործեցին մայրաքաղաք Պէյրութի եւ անոր Հարաւային արուարձաններուն վերեւ, այդ ալ` ցած բարձրութեան վրայ:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, հիմնուելով Լիբանանի պետական լրատու գործակալութեան հրապարակած տուեալներուն վրայ, հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը շաբաթ օր 24 անգամ խախտած է զինադադարի համաձայնութեան պայմանները, այդպիսով չորեքշաբթի օր համաձայնութեան ուժի մէջ մտնելէն ի վեր իր խախտումներուն թիւը բարձրացնելով 62-ի:

Այդ խախտումներուն պատճառով երկու զոհեր արձանագրուեցան եւ 6 ուրիշներ վիրաւորուեցան, այդպիսով զինադադարի հաստատումէն ի վեր Լիբանանի մէջ արձանագրուած վիրաւորներուն թիւը բարձրացաւ 10-ի:

Իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ հարաւային Լիբանանի տասնեակներով գիւղերու բնակիչները զգուշացնել, ցնոր տնօրինութիւն, իրենց տուները վերադառնալէ:

«Ժազիրա» երէկ հաղորդեց. «Երկու օր առաջ զինուորական յանձնախումբի նախագահ, ամերիկացի զօրավար Ճասփըր Ճեֆըրզ Լիբանան հասնելով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպում ունենալէն ետք կը նախատեսուի, որ զինադադարի գործադրութեան հսկողութեան յանձնախումբը այս շաբաթ սկսի իր աշխատանքին»:

 

 

Նախորդը

Հըզպալլա Նասրալլայի Ահաբեկման Վայրին Մէջ Բացումը Կատարեց «Նուր Մին Նուր» Նախաձեռնութեան

Յաջորդը

Ֆրանսա Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Տապալումէն Կը Զգուշացնէ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.