Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զինադադարի Համաձայնութիւնը Բոլոր Զինեալ Խմբաւորումներուն, Ներառեալ Լիթանիի Հիւսիսը Եղողները, Ապազինումը Կը Նշէ» Կ՛ըսէ Պուլոս

Դեկտեմբեր 5, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի Միջին Արեւելքի հարցերու խորհրդատու Մասաատ Պուլոս ֆրանսական «Լը Փուան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Սկիզբը մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ սխալ հասկացողութիւն գոյութիւն ունէր: Կը կարծուէր, որ այս փաստաթուղթը (զինադադարի համաձայնութիւնը) կը վերաբերի միայն Լիթանի գետի հարաւը գտնուող շրջանին»:

Պուլոս նշեց, որ փաստաթուղթը կը նշէ «բոլոր զինեալ խմբաւորումներուն, միլիսներուն եւ կիսազինուորական խմբաւորումներուն ապազինումը», ուստի պիտի ներառէ Հըզպալլան, եւ ատիկա առաքելութիւն մըն է, որ լիբանանեան բանակի ուսերուն վրայ պիտի ըլլայ, ներառեալ Լիթանի գետէն հիւսիս:

Պատասխանելով իսրայէլեան բանակին կողմէ զինադադարի համաձայնութեան իրերայաջորդ խախտումներուն մասին հարցումի մը` ան ըսաւ. «Այո՛, ատիկա ճիշդ է, սակայն նոյն բանը նաեւ միւս կողմէն ալ կը տեսնենք»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պէ՞տք է լիբանանցի երեսփոխանները 9 յունուարին փորձեն նախագահ ընտրել, Մասաատ Պուլոս յայտնեց. «Պէտք չէ աճապարել մէկը ընտրելու, ինչ ալ ըլլայ ձեւը: Լիբանանցիները կրնան երկու կամ երեք յաւելեալ ամիս սպասել սրբագրելու համար հարցերը միջազգային համապարփակ համաձայնութեան մը ծիրին մէջ», որ կը ներառէ պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն վերակառուցման անհրաժեշտ բարեկարգումները:

«Անհրաժեշտ է երաշխաւորել ներկայացուցչութիւնը ընդդիմութեան, որ այսօր խորհրդարանին շուրջ կէսը լաւապէս կը ներկայացնէ», շեշտեց ան:

Թրամփի խորհրդականը մերժեց մեկնաբանել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրը` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ դեր ունին խաղալիք շարք մը երկիրներ` Թուրքիան, Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու շրջանին մէջ այլ երկիրներ, ներառեալ Իրանը:

Միւս կողմէ, ան նշեց, որ Թրամփի առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ անմիջապէս եւ անյապաղ ազատ արձակել գերիները` աւելցնելով, որ գերիներու ազատ արձակումը Կազայի ապագային վերաբերող հարցերէն անջատ պէտք է ըլլայ:  Ան ըսաւ, որ ներկայիս կան այդ նպատակի իրագործման օգնող շարք մը երկիրներ, ըլլայ այդ Եգիպտոսը, Յորդանանը, Քաթարը կամ նոյնիսկ Թուրքիան:

Պուլոս յայտնեց, որ Թուրքիան պէտք չէ իբրեւ միջնորդ փոխարինէ Քաթարը, սակայն նշեց, որ Թուրքիան ազդեցութիւն ունի Համասի մէջ որոշումներու որդեգրման հոլովոյթին վրայ, որովհետեւ այժմ շարժումին բարձրաստիճան պաշտօնատարները կը հիւրընկալէ:

Ինչ կը վերաբերի Իրանի, ան ըսաւ, որ Թրամփ վճռած է Իրանին արգիլել հիւլէական ծրագիր ունենալ, եւ անգամ մը եւս Իրանի վրայ «առաւելագոյն ճնշում» պիտի բանեցնէ` աւելցնելով, որ կը զգայ, թէ Թրամփի վերընտրութենէն ի վեր Իրան իր մարտավարութիւնը փոխած է:

Պուլոս նշեց, որ Թրամփ հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ հիւլէական ծրագիրին վրայ եւ ոչ թէ ինքնին վարչակարգին, որուն հետ բանակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեց:

«Թրամփին համար երեք կարեւոր կէտեր կան, որ Իրան բացարձակապէս հիւլէական ուժի չտիրէ, իրանեան թեւաւոր հրթիռները վտանգ կը ներկայացնեն ոչ միայն Իսրայէլի, այլ նաեւ Ծոցի երկիրներուն, եւ վերջապէս, շրջանին մէջ, ըլլայ Կազայի, Լիբանանի, Իրաքի կամ Եմէնի մէջ Իրանի գործակատարներու ներկայացուցած խնդիրը», ըսաւ Թրամփի խորհրդականը` նշելով. «Հակառակ այս երեք առանցքներուն, Թրամփ վարչակարգի փոփոխութեան մասին չխօսեցաւ»:

 

Նախորդը

Մաքրոն. «Սէուտական Արաբիոյ Հետ Համաձայնեցանք Զինադադարի Երաշխաւորման Համար Ելեւմտական Աջակցութիւն Տրամադրել Եւ Պատրաստել Լիբանանեան Բանակը»

Յաջորդը

«9 Յունուարին Նախագահ Պիտի Ընտրուի, Եւ Նոյն Ամիսը Կառավարութիւն Պիտի Կազմուի» Կ՛ըսեն Պըրրիի Այցելուները

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?