Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն. «Սէուտական Արաբիոյ Հետ Համաձայնեցանք Զինադադարի Երաշխաւորման Համար Ելեւմտական Աջակցութիւն Տրամադրել Եւ Պատրաստել Լիբանանեան Բանակը»

December 5, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ գոյութիւն ունի «Իրանի հետ հիւլէական գործունէութեան, Իրանի թեւաւոր հրթիռներու աշխատանքի, շրջանին մէջ Հըզպալլայի, Հուսիներու եւ այլ գործակատարներու գործունէութեան, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ անոր դերակատարութեան խնդիրն ու Սէուտական Արաբիոյ տեսակէտը»:

Մաքրոն «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կ՛ուզենք ամերիկեան նոր վարչակազմին ու շրջանի պետութիւններուն հետ աշխատիլ Իրանին ստիպելու, որ գործակցի այս խնդիրներու եւ պատանդներու խնդիրի լուծման համար»:

«Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի առաջնահերթութիւնը աշխարհի վրայ խաղաղութիւնն է, ուստի կ՛ուզենք ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ երկխօսութիւն կատարել», նշեց ան:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի, Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց. «Սէուտական Արաբիոյ հետ համաձայնեցանք զինադադարի երաշխաւորման ու բանակի հարաւի մէջ տեղակայման համար լիբանանեան բանակին ելեւմտական աջակցութիւն տրամադրել ու զայն պատրաստել, քաղաքական լուծման համար աշխատանք տանիլ եւ ազդու դերակատարութիւն ունենալ 9 յունուարին նախագահի ընտրութեան նիստին օրինաթիւի ապահովման համար»:

Մաքրոն մաղթեց, որ 9 յունուարին նախագահ ընտրուի` շեշտելով, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտի հետ երկար խօսած է Լիբանանի մասին, եւ անոր հետ «այս գիշեր» պիտի քննարկէ լիբանանեան բանակին աջակցութեան ու ամրապնդման ճամբու քարտէսը, որպէսզի վերջինս կարենայ ոչ միայն հարաւի մէջ տեղակայուիլ, այլ նաեւ աւելցնել իր զինուորներուն ու սարքաւորումներուն թիւը:

«Ատիկա այն նպատակներէն մէկն է, որուն վրայ Սէուտական Արաբիոյ հետ կ՛աշխատինք, ինչպէս նաեւ կ՛աշխատինք Լիբանանի մէջ վերաշինութեան շուրջ, սակայն առաջնահերթութիւնը կայունութիւնը, զինադադարը եւ տեղահանուածներուն անվտանգ իրենց գիւղեր վերադարձն է: Ատկէ ետք կարելի է Միջազգային դրամատան հետ խօսիլ վերաշինութեան մասին», նշեց Ֆրանսայի նախագահը:

Ան նաեւ յայտարարեց, որ վերաշինութեան խորհրդաժողով մը պիտի կազմակերպէ, սակայն հիմա առաջնահերթութիւնը զինադադարի ամրապնդումն ու տեղահանուածներու տունդարձն է:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ կացութեան, Մաքրոն յայտնեց. «Շրջանին մէջ ապահովական շահեր ունինք, եւ կացութիւնը շատ նուրբ է, եւ գործընկերներ ունինք: Շրջանի կայունութիւնը քայքայելու եւ ահաբեկչական գործողութիւններ պատրաստելու կարող ահաբեկչական շարժումներուն վերադարձով մեր ապահովութեան համար վտանգներ կան:

«Կ՛ուզենք նաեւ Սուրիայէն Հըզպալլայի վերազինումէն խուսափիլ, սուրիական-լիբանանեան սահմանին վերահսկել, եւ ատիկա առաջնահերթութիւն է: Մեր զրոյցներուն մէկ մասը կը վերաբերէր Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի հաստատման»:

 

 

Նախորդը

Շէյխ Քապալան. «Կ՛ուզենք Նախագահ Մը, Որ Լիբանանեան Ընտանիքն Ու Անոր Ուժերը Կը Միաւորէ»

Յաջորդը

«Զինադադարի Համաձայնութիւնը Բոլոր Զինեալ Խմբաւորումներուն, Ներառեալ Լիթանիի Հիւսիսը Եղողները, Ապազինումը Կը Նշէ» Կ՛ըսէ Պուլոս

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.