Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուլոս. «Լիբանանի Մէջ Նախագահութեան Հարցը Փշոտ Է Ու Կարեւոր, Եւ Անոր Վրայ Պէտք Է Աշխատիլ Զգուշ Կերպով Եւ Առանց Աճապարանքի»

December 3, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի արաբական եւ միջինարեւելեան հարցերու խորհրդական Մասաատ Պուլոս յայտնեց, որ Թրամփ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման թղթածրարին վրայ աշխատեցաւ եւ յարգեց ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելէն ետք անմիջապէս աշխատանքի սկսելու իր խոստումը:

Պուլոս աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատումը ձեռքբերում մըն է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը իրագործեց Թրամփի հետ գործակցաբար:

Ան «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մեր պարտաւորութիւնն է զինադադարի համաձայնութեան հետեւիլ, եւ կը յուսանք, որ արագ կերպով կը գործադրուի, ինչպէս զայն արագօրէն գոյացուցինք: Լիբանանի մէջ նախագահութեան հարցը փշոտ է, եւ ան, որ երկու տարի համբերեց, կրնայ յաւելեալ երկու կամ երեք ամիս համբերել»:

Պուլոս ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ նախագահի ընտրութեան հարցը փշոտ է, եւ կարեւոր է, պատերազմին պատճառով, անոր վրայ աշխատիլ զգուշութեամբ, առանց չսերտուած կերպով աճապարանքի, որովհետեւ զինադադարի փուլը փորձառական է: Ընտրութիւնը մեր պատասխանատուութիւնը չէ, այլ` խորհրդարանին»:

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի արաբական եւ միջինարեւելեան հարցերու խորհրդատուն աւելցուց. «Կը քաջալերենք Լիբանանի մէջ ժողովրդավարական հիմքերը, երկրին վերակառուցումը, սահմանադրութեան յարգումը, սահմանադրական հաստատութիւններու վերականգնումը եւ բոլոր հողերուն վրայ պետութեան իշխանութեան տարածումը»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պըրրի. «Նախագահը Պիտի Ըլլայ «Լիբանանեան Արտադրութիւն», Եւ Զինադադարի Իսրայէլեան Խախտումները Անցան 52-ը»

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.