«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան հսկողութեան յանձնախումբի ամերիկացի նախագահը հեռաձայնած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որ զինք պիտի ընդունի այսօր:
Պըրրիի այցելուները «Ժատիտ»-ին յայտնած են. «Հսկողութեան յանձնախումբի առաջին ժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ ուրբաթ կամ շաբաթ օր, Նաքուրայի մէջ»:
«Երբ յանձնախումբը իր ժողովներուն սկսի, զինադադարի խախտումը կը դառնայ դժուար եւ հսկողութեան տակ», նշած են անոնք:
Պըրրիի այցելուները նաեւ յայտնած են. «9 յունուարին, ոմանց նախատեսութիւններուն հակառակ, հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ, եւ նոյն ամիսը կառավարութիւն պիտի կազմուի»: