Հըզպալլան շաբաթ երեկոյեան իր նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութեան վայրը հանդիսացող Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Հարեթ Հրէյք շրջանին մէջ բացումը կատարեց «Նուր Մին Նուր»-«Սիրոյ եւ լուսոյ ողջոյն» նախաձեռնութեան, որուն մասնակցեցան անձնաւորութիւններ, տարբեր ոլորտներու գործիչներ եւ բազմահազար համակիրներ:
Ձեռնարկին մասնակիցները վառեցին մոմեր, բարձրացուցին Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի դրօշներ, սէյիտ Հասան Նասրալլայի նկարներ, կանչեցին Նասրալլայի եւ Իմամ Հիւսէյնի անունները, ինչպէս նաեւ բացագանչեցին` «Հաստատօրէն պիտի յաղթենք», «Անխուսափելիօրէն պիտի յաղթենք»:
Ձեռնարկի վայրին մէջ սփռուեցան սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած ճառերէն բաժիններ:
Մինչեւ 6 դեկտեմբեր շարունակուող ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ ամէնօրեայ դրութեամբ, երեկոյեան ժամը 6:00-էն 9:00: