Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ «զինադադարի համաձայնութեան իսրայէլեան խախտումները անցան 52-ը»` նշելով. «Այս խախտումները բացայայտ ոտնահարում են համաձայնութեան, եւ անոնց շարունակումը արտօնելի չէ»:
«Միջազգային առնչակից կողմերու հետ հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցան լուծելու համար իսրայէլեան այդ խախտումներու հարցը», ըսաւ Պըրրի` յոյս յայտնելով, որ համաձայնագիրի հսկողութեան յանձնախումբի նիստին գումարումը, ֆրանսական կողմին յանձնախումբին միանալէն ետք, յանգեցնէ անոնց դադրեցման:
Անդրադառնալով պատերազմին վերջ տալու համար բանակցութիւններու իր փորձառութեան` խորհրդարանի նախագահը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց. «Ասիկա առաջին անգամ չէ, որովհետեւ նոյնպիսի փորձառութիւն ունեցայ 2006 թուականին, սակայն միակ ու մեծ տարբերութիւնը այն է, որ այս անգամ կողքիս չկար հիմնական սիւն մը` Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան»:
Ինչ կը վերաբերի նախագահի ընտրութեան հոլովոյթին, Պըրրի յայտնեց, որ մեծ յոյս ունի, որ 9 յունուարին նախատեսուած խորհրդարանական նիստը հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան յանգեցնէ:
Ան նշեց, որ նախագահի ընտրութեան թուականի ճշդումը անձնական նախաձեռնութիւն էր` հիմնուելով իր նախապէս տուած խոստումին վրայ, թէ զինադադար հաստատուելէն անմիջապէս ետք մտադիր է նախագահի ընտրութեան խորհրդարանական նիստ նշանակել: Ան աւելցուց, որ այս հարցը որեւէ արտաքին կողմի հետ չէ համակարգած, «եւ մինչեւ իսկ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իւ Լը Տրիանը նախապէս տեղեակ չէր որոշումէս, երբ վերջերս Պէյրութ այցելեց»:
Պըրրի շեշտեց. «Յաջորդ նախագահը «լիբանանեան արտադրութիւն» պիտի ըլլայ, եւ ես չեմ ընդունիր, որ այդպէս չըլլայ, որքան ալ թուի, թէ այս հոլովոյթին մէջ արտաքին միջամտութիւններ կան»:
Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի անդամներուն նախապէս տեղեկացուցած էր, որ անոնցմէ կը յուսայ, որ «մեզի օգնեն այն բանին մէջ, որ մենք կ՛ուզենք, եւ ոչ թէ այն բանին մէջ, թէ իրենք ի՛նչ կ՛ուզեն»:
«Մինչեւ նիստ երկարող ժամանակաշրջանի ընթացքին ջանքը պիտի կեդրոնանայ կարելի եղածին չափ առաւելագոյն թիւով երեսփոխաններու կողմէ ընդունելի նախագահի մը շուրջ համաձայնութեան վրայ, սակայն նոյնիսկ եթէ համախոհութիւն չգոյանայ, ես նիստի գումարումէն պիտի չհրաժարիմ», յայտնեց ան:
«Առաջնահերթութիւնը փոխըմբռնում գոյացնելն է անունի մը շուրջ, որ կրնայ 86 քուէ ապահովել, որպէսզի անոր նստաշրջանը ուժեղ ու տոկուն կերպով կարենայ սկսիլ անոր շուրջ ազգային լայն համախմբուածութեամբ», ըսաւ Պըրրի:
Ինչ կը վերաբերի շիի զոյգին յառաջիկայ նախագահի արժանիքներուն վերաբերեալ մօտեցումին, Պըրրի յայտնեց. «Պայման չէ, որ շարժումին ու կուսակցութեան (Ամալին ու Հըզպալլային, «Ա.») մօտիկ ըլլայ, սակայն կարեւոր է անոնց կամ որեւէ այլ կողմի նկատմամբ թշնամանք չունենայ»:
Պատասխանելով «Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրանժիէն տակաւին թեկնածուներու շարքի՞ն է» հարցումին` Պըրրի ըսաւ. «Անշուշտ, եւ ան թեկնածուներուն պարագլուխն է, որովհետեւ անոր շուրջ համախոհութիւն չգոյանալու պատճառ չկայ, մանաւանդ որ ինքզինք իբրեւ որեւէ կողմի մարտահրաւէրի թեկնածու չի ներկայացներ»:
Ան չբացառեց, որ նախագահի ընտրութեան երթը իր արձագանգը պիտի գտնէ յառաջիկայ կառավարութեան կազմութեան մէջ:
«Կարելի է նախագահի ընտրութենէն հազիւ մէկ ամիս ետք նոր կառավարութիւն կազմել, եթէ ան համախոհութեամբ ընտրուի», նշեց Պըրրի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր նախատեսութեամբ յաջորդ վարչապետը երկարահասա՞կ պիտի ըլլայ, թէ՞ կարճահասակ, ծիծաղելով ըսաւ. «Երկարահասակ»: