Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մենք հաստատեցինք, որ ներկայիս աշխատանքը հնգեակի ուսերուն չէ, այլ քաղաքական ուժերուն, եւ անոնք իրապէս սկսան աշխատիլ, եւ որոշ փուլի եթէ կարգ մը խնդիրներու մէջ մեր օգնութիւնը խնդրուի, մենք պատրաստ ենք:
«Մեր տեսած աշխատանքէն մեկնելով կրնանք ըսել, որ այդ ուժերը կրնան հասնիլ հաղորդակցութեան եւ որոշումի մակարդակի մը, ուր հնգեակի միջամտութեան կարիք չեն ունենար, սակայն մենք պատրաստ ենք օգնելու, եթէ ատիկա խնդրուի, խումբերէն իւրաքանչիւր պլոք ներքին մակարդակի վրայ եւ պլոքները իրարու միջեւ երկխօսութեան մէջ կարեւոր ճամբայ կտրելնէն ետք», ըսաւ ան:
«Հնգեակը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ անուններու շուրջ չխօսեցաւ եւ հաստատեց, որ յառաջիկայ նախագահը պէտք է աջակցի զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին յանձնառու ըլլայ, եւ պէտք է Թաէֆի համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ գործադրել, եւ ասոնք էին հիմնական նիւթերը եւ պատգամը, որ հնգեակը փոխանցեց Պըրրիի, որ մեզի վստահեցուց, թէ յանձնառու է 9 յունուարի նիստին եւ կը ձգտի համախոհական նախագահի մը ընտրութեան, եւ թէ Լիբանանի բոլոր քաղաքական ուժերը կը հաստատեն թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը. յառաջիկայ փուլին տեղի պիտի ունենայ քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութիւն, եւ ինք ամբողջ ջանքը կը թափէ հասնելու համախոհական նախագահի մը, որովհետեւ Լիբանանը ներկայ փուլին կարիքը ունի համախոհական նախագահի մը եւ ոչ թէ մարտահրաւէր նետող նախագահի», ըսաւ Մուսա:
«Զարգացումները Լիբանանի մէջ պետութեան բոլոր հաստատութիւններու աշխատանքի վերականգնման համար կը պահանջեն արագ աշխատանք տանիլ նախագահ ընտրելու եւ կառավարութիւն կազմելու, որովհետեւ պահը կը պահանջէ ուժեղ Լիբանան մը, որ կրնայ դիմակայել զինք շրջապատող բարդութիւնները», յայտնեց Եգիպտոսի դեսպանը:
Միւս կողմէ, երեսփոխանական աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեցին. «Պըրրիի նախաձեռնութեան միջազգային գնահատում գոյութիւն ունի», եւ հնգեակ յանձնախումբի դեսպանները նախագահի ընտրութեան թուականի ճշդման նկատմամբ այդ գնահատականը փոխանցած են Պըրրիի:
«Անպա» կը գրէ. «Ամերիկացիք փակեցին նիստի խափանման ճամբան, եւ շարք մը երեսփոխաններէ խնդրեցին, որ նիստի գումարման դէմ եղող երեսփոխաններուն թիւը 44-ի չհասնի»:


