Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով անդրադարձաւ շրջանառուող այն լուրերուն, թէ սուրիացի կարգ մը նախկին պաշտօնատարներ մուտք գործած են Լիբանան կամ Լիբանանի ճամբով այլ պետութիւն մեկնած: Ան յայտնեց, որ լիբանանեան կառավարութեան քաղաքականութիւնը միշտ ալ հիմնուած եղած է լիբանանեան ու միջազգային օրէնքներուն վրայ, եւ զանոնք կիրարկած է այն ամբողջ շրջանին, երբ Լիբանան հիւրընկալած է հարիւր հազարաւոր սուրիացիներ:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Միքաթի մօտէն կը հետեւի այս հարցին եւ այս հարցով աշխուժ հաղորդակցութիւններ ունեցած է արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի, ընդհանուր դատախազ, դատաւոր Ժամալ Հաժժարի ու Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարիի հետ, եւ ցուցմունք տուած, որ այս թղթածրարին մէջ առնչակից արդարադատութեան հսկողութեան տակ եւ Լիբանանի ու լիբանանցիներու շահերն ու սուրիացի ժողովուրդի հետ յարաբերութիւններու ապագան ապահովելու համահունչ գործադրուին ընթացիկ օրէնքներն ու կանոնները:
Երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆի ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան ուշադրութեան յայտնած էր, որ սուրիական տապալած վարչակարգի պաշտօնեաները դէպի Լիբանան փախուստ տուած են եւ «ապահովական ու կուսակցական ծածկոյթով կը մնան կարեւորագոյն պանդոկներուն մէջ»:
Ան նաեւ հարցում ուղղած էր, որ ապահովական մարմինները զանոնք կը հետապնդե՞ն` նկատի ունենալով «անոնց մեղսակցութիւնը ահաբեկչական արարքներու, որոնց ամէնէն ականաւորը Թրիփոլիի մէջ Թաքուա ուա Սալամ մզկիթի ականահարումն էր, եւ այլ վայրագ ոճիրներ, զորս փտած վարչակարգը գործեց լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ»:
Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան տեղեկատուական բաժանմունքը հերքեց ելեկտրոնային կայքի մը վրայ հրապարակուած այն լուրը, թէ Պետական անվտանգութեան կառոյցը կը պաշտպանէ վերջին շրջանին Սուրիան լքած սուրիացի կարգ մը պաշտօնատարներն ու հեղինակութիւնները:
Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հերքեց այդ տեղեկութիւնը` մաղթելով, որ լրատուամիջոցները ստուգեն իրեն վերաբերող տեղեկութիւնները` առ ի ծառայութիւն ճշմարտութեան, «որ մեր բոլորիս համար հասարակաց նպատակ մը կը մնայ»: