Լիբանանեան

Պըրրի. «Նախագահի Ընտրութեան Նիստը  Արդիւնաւէտ Պիտի Ըլլայ, Եւ Լարուած Թակարդի  Մասին Խօսքերը Զարմանալի Են»

Պըրրի. «Նախագահի Ընտրութեան Նիստը Արդիւնաւէտ Պիտի Ըլլայ, Եւ Լարուած Թակարդի Մասին Խօսքերը Զարմանալի Են»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով այն հարցին, թէ 9 յունուարի խորհրդարանի նիստի ընթացքին նախագահի ընտրութիւնը կարելի՞ է, յայտնեց. «Ի՞նչ պատահեցաւ, որ դադրիմ լաւատես ըլլալէ: Իր ժամկէտէն աւելի քան մէկ ամիս առաջ ընտրութեան նիստի հրաւիրեցի, ինչ որ բոլորին քանի մը շաբաթ կու տայ քննարկումներ կատարելու, համաձայնութիւններ ու փոխըմբռնումներ գոյացնելու: Նիստի օրը պիտի երթան խորհրդարան, եւ...

Խամենէի. «Հիւլէական Համաձայնութեան  Կնքման Մէջ Խնդիր Չկայ»

Խամենէի. «Սիոնական Գոյացութիւնը Պատրանքի Մէջ Է, Եթէ Կը Կարծէ, Թէ Սուրիոյ Ճամբով Հըզպալլան Կը Պաշարէ` Զայն Ոչնչացնելու Համար»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց. «Ամերիկայի եւ սիոնական գոյացութեան պատկերացումն ու անոնց կարգ մը դաշնակիցներուն Դիմադրութիւնը ոչնչացնելու պատկերացումը ամբողջովին սխալ է»: Այս մասին հաղորդեց «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը: Ան Թեհրանի մէջ կրօնական առիթով մը իրանցի կիներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին նշեց. «Սիոնական գոյացութիւնը պատրանքի մէջ է, եթէ կը կարծէ, թէ Սուրիոյ ճամբով Հըզպալլան կը պաշարէ` զայն ոչնչացնելու համար,...

«Տոհան Պիտի Չուշանայ Լիբանանին  ու Անոր Ժողովուրդին Ամէն Տեսակի  Աջակցութիւն Տրամադրելէ»  Կը Հաղորդէ Քաթարեան «Շարք»-ը

«Տոհան Պիտի Չուշանայ Լիբանանին ու Անոր Ժողովուրդին Ամէն Տեսակի Աջակցութիւն Տրամադրելէ» Կը Հաղորդէ Քաթարեան «Շարք»-ը

Քաթարեան «Շարք» օրաթերթը հաղորդեց, որ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պետական նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ազիզ Սալեհ Խլէյֆի երկուշաբթի օր Պէյրութի մէջ հանդիպում ունեցած է վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ եւ անոնց հետ քննարկած Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռի դատարկութեան վերջ տալու ջանքերը: «Խլէյֆի նախանձախնդիր էր փոխանցելու Քաթարի` Լիբանանի հանրապետութեան,...

Ուահապ. «Բնականոնացման Մասին Չխօսեցայ,  Այլ Շիիներուն Ըսի, Որ Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Կռուիլ,  Ուստի Ձեր Հարցերը Դասաւորեցէք»

Ուահապ. «Բնականոնացման Մասին Չխօսեցայ, Այլ Շիիներուն Ըսի, Որ Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Կռուիլ, Ուստի Ձեր Հարցերը Դասաւորեցէք»

Թաուհիտ Արապիա կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց. «Կան երեք հարցեր, որոնք պէտք է յստակացնել անոր, որ լսածը չի հասկնար. առաջին` (Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու) բնականոնացման մասին չխօսեցայ, այլ ըսի, որ շիիները Պաղեստինին տուին իրենց ամէնէն յարգին, նախ եւ առաջ Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան, ուստի Իսլամ եղբայրներն ու Թուրքիան հակադարձեցին տապալելով Սուրիան` ճամբան կտրելու համար, ուստի ըսի, որ ժողովուրդը...

«Այնճարէն ու Դամասկոսէն Ետք, Լիբանանցի  Քաղաքագէտներուն Ուխտավայրը Թուրքիա՞ն Դարձաւ»  Հարց Կու Տայ Եաաքուպ

«Այնճարէն ու Դամասկոսէն Ետք, Լիբանանցի Քաղաքագէտներուն Ուխտավայրը Թուրքիա՞ն Դարձաւ» Հարց Կու Տայ Եաաքուպ

«Նահժ» շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Հասան Եաաքուպ նշեց. «Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վաղը Թուրքիա կ՛այցելէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթն ալ Թուրքիա պիտի այցելէ, նախքան Սուրիական զինուորական գործողութիւններու ղեկավար Ահմետ Շարհի հետ հանդիպում ունենալու համար Սուրիա մեկնիլը»: «Այնճարէն ու Դամասկոսէն ետք, լիբանանցի քաղաքագէտներուն ուխտավայրը Թուրքիա՞ն դարձաւ», հարց տուաւ Եաաքուպ: «Գերիշխանութիւնն ու արտաքին միջամտութեան մերժումը Լիբանանի մէջ սեփական եւ...

Ֆրանսա Եւ Միացեալ Նահանգներ Անհրաժեշտ  Կը Նկատեն Լիբանանի Հանրապետութեան  Նոր Նախագահի Ընտրութիւնը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԱՐԱԲԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Նաշրա»-ին յայտնեց, որ արաբական պետութիւնները, մասնաւորաբար Ծոցի երկիրները Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան պիտի չմիջամտեն եւ անոնք ոեւէ թեկնածուի չեն զօրակցիր, այլ պիտի ողջունեն ոեւէ նախագահ, որ Լիբանանցիները կ՛ընտրեն, որովհետեւ այն կարծիքին են, թէ «ոեւէ լիբանանցի նախագահ արաբական պետութիւններուն հետ համաձայն ու համագործակցող պիտի ըլլայ` դիմակայելու համար ներկայ եւ ապագայ մարտահրաւէրները»: - ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Ռայի պատրիարքը...

Միքաթի. «Յունաստանի Վարչապետը Իր Երկրին  Պատրաստակամութիւնը Յայտնեց  Լիբանանեան Բանակին Աջակցելու»

Միքաթի. «Յունաստանի Վարչապետը Իր Երկրին Պատրաստակամութիւնը Յայտնեց Լիբանանեան Բանակին Աջակցելու»

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս երէկ պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Պէյրութ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Միքաթի Միցոթաքիսի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Յունաստանի վարչապետին Լիբանան այցելութեամբ ուրախ ենք: Քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները, մեր երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնն ու տնտեսական ու առեւտրական համաձայնութիւններ կնքելու կարելիութիւնները»: «Անդրադարձանք Լիբանանի մէջ քաղաքական կացութեան, քննարկեցինք զինադադարի համաձայնութիւնը եւ շեշտեցինք...

Միւֆթի Տրիան. «Լիբանանի Մէջ Կայունութիւն  Պիտի Չըլլայ, Եթէ Նախագահ Չընտրուի  Եւ Արդիւնաւէտ Կառավարութիւն Չկազմուի»

Միւֆթի Տրիան. «Լիբանանի Մէջ Կայունութիւն Պիտի Չըլլայ, Եթէ Նախագահ Չընտրուի Եւ Արդիւնաւէտ Կառավարութիւն Չկազմուի»

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան իր այցելուներուն յայտնեց, որ Լիբանան կ՛անցնի շատ նուրբ ու զգայուն կացութենէ, որ կը պահանջէ շտապում հանրապետութեան նախագահ ընտրելու եւ կառավարութիւն կազմելու` շրջանին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն լոյսին տակ: «Լիբանանի մէջ քաղաքական, ապահովական եւ ապրուստի կայունութիւն պիտի չըլլայ, եթէ պետութեան կառոյցը չամբողջանայ նախագահ ընտրելով եւ հայրենիքը իր անկումէն վեր կանգնեցնելու համար արդիւնաւէտ կառավարութիւն կազմելով», նշեց հանրապետութեան...

Ժահժահ. «Զինադադարի Համաձայնութիւնն  ու Ասատի Վարչակարգի Տապալումը Լիբանանի Վերակառուցման Իսկական Առիթներ Են»

Ժահժահ. «Զինադադարի Համաձայնութիւնն ու Ասատի Վարչակարգի Տապալումը Լիբանանի Վերակառուցման Իսկական Առիթներ Են»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Զինադադարի համաձայնութիւնն ու Սուրիոյ մէջ Ասատի վարչակարգի տապալումը իսկական առիթներ են վերակառուցելու Լիբանանը, որ օր մը աշխարհի մեծաթիւ երկիրներու համար ներշնչման աղբիւր էր»: «Արգելակիչ պայմանները, որոնք մեզի չարտօնեցին Լիբանանի կառուցումը շարունակել եւ անոր ու Պէյրութին դիրքը պահպանել, ներկայիս հիմնականին մէջ չքացան, ուստի մեր առջեւ ճամբայ բացուեցաւ, որպէսզի կարենանք հայրենիք վերակառուցել, բան մը, որ...

«Կը Յուսանք, Որ Պըրրիի Եւ Երեսփոխաններու  Աջակցութեամբ Կը Հասնինք Լիբանանը Ամէն Բանէ Վեր»  Նշանաբանը Կրող Հանրապետութեան  Նախագահի Ընտրութեան»  Կ՛ըսէ Ֆրեմ

«Կը Յուսանք, Որ Պըրրիի Եւ Երեսփոխաններու Աջակցութեամբ Կը Հասնինք Լիբանանը Ամէն Բանէ Վեր» Նշանաբանը Կրող Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութեան» Կ՛ըսէ Ֆրեմ

Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին թեկնածու, երեսփոխան Նեհմաթ Ֆրեմ Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ խօսեցայ շարք մը նիւթերու մասին, եւ անդրադարձանք զինադադարի համաձայնութեան»: «Պըրրիին ներկայացուցի ընտրական ծրագիրս եւ ընդգծեցի զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան մէջ նախագահի դերը», նշեց Ֆրեմ: Երեսփոխանը յոյս յայտնեց, որ «Պըրրիի եւ երեսփոխաններու աջակցութեամբ կը հասնինք «Լիբանանը ամէն բանէ...

Ռաատ. «Այն, Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ,  Արդիւնք Է Շրջանային Եւ Միջազգային  Կողմերու Պատրաստած Ծրագիրին»

Ռաատ. «Այն, Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ, Արդիւնք Է Շրջանային Եւ Միջազգային Կողմերու Պատրաստած Ծրագիրին»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց. «Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, մետասաներորդ պահու զարգացում մը չէ, այլ արդիւնքը ծրագիրի մը, որ պատրաստեցին շրջանային եւ միջազգային կողմեր, որոնց շահերը համընկնեցան Սուրիոյ մէջ իշխանութեան հարցին մէջ` նկատի ունենալով, որ ատիկա շարք մը հորիզոններ կը բանայ եւ այդ կողմերուն շահերը կամ այդ շահերուն մէկ մասը կ՛իրագործէ, ըստ իւրաքանչիւր կողմի...

Ուահապ. «Իսրայէլի Հետ Խաղաղութեան Դիմենք,  Եւ Միջնորդ Էի` Արեւմտեան Կողմի Մը Ճամբով  Անկէ Պատգամներ Կը Փոխանցէի Սուրիոյ»

Ուահապ. «Իսրայէլի Հետ Խաղաղութեան Դիմենք, Եւ Միջնորդ Էի` Արեւմտեան Կողմի Մը Ճամբով Անկէ Պատգամներ Կը Փոխանցէի Սուրիոյ»

Թաուհիտ Արապի կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն բացի յաղթական կողմ չկայ»` աւելցնելով. «Ես կը սպաննեմ եւ սատանային հետ կը գործակցիմ` աշիրեթս պաշտպանելու համար»: «Ես միջնորդ էի, արեւմտեան երրորդ կողմի ճամբով Իսրայէլէն Սուրիա նամակներ կը փոխանցէի, եւ նամակներ փոխանցեցի Մահեր Ասատին (Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի եղբայրը), որովհետեւ Արեւմուտքը կը...

Խորհրդարանը Այսօր Կ՛ընտրէ  Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, 9 յունուարին նախատեսուած նախագահի ընտրութեան լուրջ թեկնածուներուն թիւը կրճատուած է երեք անուններու, որոնց շարք մը ուժեր, նախ եւ առաջ Հըզպալլան, Ամալ շարժումը, Ազգային ազատ հոսանքը, այլ պլոքներ եւ անկախ երեսփոխաններ համամիտ են: Այդ երեք թեկնածուներն են Վատիկանի մէջ նախկին դեսպան, բանակի հետախուզութեան նախկին տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ժորժ Խուրին եւ երկու նախարարներ Զիատ Պարուտն ու Ժան Լուի...

Միքաթի. «Յանձնառու Ենք Թիւ 1701 Որոշումին  Գործադրութեան, Եւ Զինադադարի  Համաձայնութիւնը Ճամբան Կը Հարթէ Դիւանագիտական  Ուղիին, Որուն Մեր Կառավարութիւնը Կը Զօրակցի»

Միքաթի. «Յանձնառու Ենք Թիւ 1701 Որոշումին Գործադրութեան, Եւ Զինադադարի Համաձայնութիւնը Ճամբան Կը Հարթէ Դիւանագիտական Ուղիին, Որուն Մեր Կառավարութիւնը Կը Զօրակցի»

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթ գիշեր Հռոմի մէջ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնիի կազմակերպած քաղաքական տարեկան համախմբումին մասնակցելով Լիբանանի մէջ տագնապներու, Լիբանանի հիմնադրութենէն մինչեւ Թաէֆի համաձայնութիւն պատմութեան մասին զեկուցում մը ներկայացուց: Միքաթի լիբանանցի առաջին պաշտօնատարն է, որ իբրեւ պատուոյ հիւր կը հրաւիրուի Իտալիոյ վարչապետին կազմակերպած այս ամէնամեայ քաղաքական համախմբումին: «Մենք համոզուած ենք, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի առաջարկած ու հովանաւորած...

Շէյխ Քասեմ. «Զինադադարի Համաձայնութիւնը  Յարձակումը Դադրեցնելու Համար Է,  Եւ Ոչ Թէ` Դիմադրութեան Վերջ Տալու»

Շէյխ Քասեմ. «Զինադադարի Համաձայնութիւնը Յարձակումը Դադրեցնելու Համար Է, Եւ Ոչ Թէ` Դիմադրութեան Վերջ Տալու»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Նայիմ Քասեմ շաբաթ օր պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին յայտնեց. «Դիմադրութիւնը յաղթեց, որովհետեւ թշնամին չկրցաւ իրագործել իր նպատակները, որ Հըզպալլան ոչնչացնելն է, եւ չկրցաւ բնակեցուածները առանց համաձայնութեան իրենց տուներ վերադարձնել, եւ երբ իսրայէլեան թշնամին անդրադարձաւ, որ Հըզպալլայի դիմադրութեան դիմակայման հորիզոնները փակ են, յարձակումի դադրեցման համաձայնութեան դիմեց»: «Այս համաձայնութիւնը կիրառական համաձայնութիւն է, որ կը բխի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701...

Ուալիտ Ժոմպլաթ Շնորհաւորեց Ժուլանին.  Անոնք Համաձայնեցան Մօտ Օրէն  Դամասկոսի Մէջ Հանդիպիլ

Ուալիտ Ժոմպլաթ Շնորհաւորեց Ժուլանին. Անոնք Համաձայնեցան Մօտ Օրէն Դամասկոսի Մէջ Հանդիպիլ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթ օր հեռաձայնեց Սուրիական զինուորական գործողութիւններու վարչութեան, Հայըաթ Թահրիր Շամ խմբաւորման ղեկավար Ահմետ Շարհին` շէյխ Ապու Մոհամետ Ժուլանիին` շնորհաւորելով զինք եւ սուրիացի ժողովուրդը «բռնաճնշման վարչակարգին դէմ արձանագրուած յաղթանակին եւ 45 տարուան բռնատիրութենէ ետք իր ազատութիւնը ստանալուն առիթով»: Ժոմպլաթ եւ Շարհ շեշտը դրին Սուրիոյ բոլոր շրջաններու միասնականութեան վրայ եւ մերժեցին մասնատման բոլոր ծրագիրները, շեշտեցին կարեւորութիւնը...

Հարիրի. «Ասատի Տապալումը Իշխանութիւնը  Մենաշնորհի Վերածելու Եւ Արտաքին Ուժերու  Յենելու Գործելաոճի Տապալումն Է»

Հարիրի. «Ասատի Տապալումը Իշխանութիւնը Մենաշնորհի Վերածելու Եւ Արտաքին Ուժերու Յենելու Գործելաոճի Տապալումն Է»

Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ասատի տապալումը իշխանութիւնը մենաշնորհի վերածելու գործելաոճի եւ արտաքին ուժերու յենելու գործելաոճի տապալումն է»: «Ասատը տապալեցաւ, պատկերը ամբողջացաւ, եւ սուրիացիները դուրս եկան թաղելու ժամանակաշրջան մը եւ նորը բանալու: Այս է այն օրը, որ սպասեցինք այդ սեւ ժամէն ի վեր: Որքան ուրախ եմ ձեզ տեսնելով, ձեր ձայնը կը բարձրացնէք Դամասկոսի մէջ, որ իր...

Պէյրութի Եւ Լեռնալիբանանի Ջուրի Ընկերութիւնը  Ջուրի Մատակարարման Խիստ Կրճատում  Կը Յայտարարէ Եւ Խնայողութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Պէյրութի Եւ Լեռնալիբանանի Ջուրի Ընկերութիւնը Ջուրի Մատակարարման Խիստ Կրճատում Կը Յայտարարէ Եւ Խնայողութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ջուրի ընկերութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ մինչեւ օրս անձրեւներու սակաւութեան պատճառով ակերու եւ հորերու ջուրի մակարդակները մեծապէս նուազած են եւ Շապրուհի ամբարտակի եւ Քլէյաա լիճին մէջ ջուրը գրեթէ սպառած է: Մեկնելով այդ իրողութենէն եւ ջուրի յաւելեալ աղբիւրներ ու չգոյութեան պատճառով ընկերութիւնը պիտի ստիպուի իր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն, մասնաւորաբար Քեսրուանի, Մեթնի եւ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ ջուրի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԱԶԳԱՅԻՆ համաձայնութիւն երեսփոխանական պլոքի մօտիկ աղբիւր մը «Նաշրա»-ին յայտնած է, որ շաբաթ օր ժողով գումարած է մասնակցութեամբ երեսփոխաններ Ֆայսալ Քարամէի, Ֆուատ Մախզումիի եւ Ապտելռահման Պըզրիի` մասնակցութեամբ Մաշարիհ միութեան քաղաքական խորհրդատու Ահմետ Տապպաղի: Աղբիւրը նշեց, որ պլոքը նախապէս զօրակցած էր նախագահի պաշտօնին Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան, «սակայն նախարար Ֆրենժիէ այլեւս նախագահական թեկնածու չէ եւ ընտրապայքարէն դուրս է, ուստի պլոքը ներքին խորհրդակցութիւն...

Page 154 of 986 1 … 153 154 155 … 986

Արխիւներ