Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ. «Չեմ Առաջարկեր Եւ Չեմ Պահանջեր, Սակայն Կարելի Է Կանխահաս Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Մասին Մտածել»

Դեկտեմբեր 13, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումը մեծ կարեւորութիւն ունի եւ շահաւէտ է սուրիացի ժողովուրդին համար, ինչպէս նաեւ ձեռքբերում մըն է` անկախ անկէ, թէ յետոյ ի՛նչ կրնայ պատահիլ:

Ան ըսաւ, որ ոմանք կը կարծեն, որ Ասատէն ետք ծայրայեղ իսլամականները կրնան իշխանութեան տիրանալ, սակայն, ով որ ալ իշխանութեան հասնի, Ասատի վարչակարգէն աւելի վատ պիտի չըլլայ:

Ինչ կը վերաբերի սուրիական ծաւալապաշտական թեքումին պատճառով Լիբանանի նկատմամբ մտավախութեան, ան ըսաւ, որ որոշ չափով ճիշդ է, որովհետեւ այդ թեքումը նոյնիսկ Ասատէն առաջ կար: Անոր կարծիքով` այդ թեքումին մէկ մասը պիտի շարունակուի, «սակայն չեմ կարծեր, թէ որեւէ բան Ասատի կացութեան պիտի հաւասարի»:

Ինչ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներու հարցին, ան նշեց, որ ապաստանի ետին կանգնող խնդիրը վերջ գտած է, «եւ մեկնելով ատկէ, լաւատես եմ, որ սահմանափակ ամիսներու ընթացքին տեղահանուածներու թղթածրարի հիմնական բաժինը պիտի լուծուի, իսկ հետագային` մնացեալը»:

Ժահժահ յայտնեց, որ մտավախութիւն չունի, որ Հըզպալլան զինադադարի համաձայութիւնը չգործադրէ` նշելով. «Հըզպալլան ինք իր կառավարութեան ճամբով այդ որոշումին համաձայնեցաւ, եւ ոչ թէ անկողմնակալ կամ Մարտ 14-ի կառավարութիւնը: Իրենք բանակցեցան, իրենք այս համաձայնութիւնը գոյացուցին եւ անոր հաւանութիւն տուին»:

«Համաձայնութիւն գոյացաւ 27 նոյեմբերին, եւ Ասատը տապալեցաւ 8 դեկտեմբերին, եւ այն, ինչ որ վերջին թուականին տեղի ունեցաւ, վերջնականապէս վերջ տուաւ ոեւէ մէկուն Լիբանանի մէջ զինուորական որեւէ ուժ կառուցելու երազանքին: Ասատի տապալումը կը նշանակէ Հըզպալլայի ապահովական ու զինուորական թեւին վերջը, որովհետեւ կուսակցութեան ապահովական ու զինուորական գոյութեան խորքը սուրիական խորքն է, եւ երբ այդ խորքը այլ ձեռքերու մէջ է, կը կտրուի Իրանի հետ հաղորդակցութեան կապ ուստի ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ կուսակցութեան զինուորական գոյութեան մատակարարումը», նշեց ան:

Ժահժահ շեշտեց, որ պաշտպանական ռազմավարութեան քննարկումի մասին խօսակցութիւնը «նախկին ժամանակաշրջանի մնացորդը դարձաւ: Վե՛րջ, անիկա անցեալին մնաց կուսակցութեան կառավարութեան ստորագրութեամբ եւ ոչ թէ իմ ստորագրութեամբ»:

«9 յունուարի նիստին, երկու տարի եւ երկու ամիս առանց հանրապետութեան նախագահի մնալէ ետք պէտք է ջանանք հանրապետութեան նախագահ ունենալ, սակայն կ՛ուզեմ նախագահութեան նիւթի խորքին մասին խօսիլ», ըսաւ Ժահժահ` նշելով, որ այժմ նախագահական աթոռի դատարկութեան ստեղծումէն ետք կացութիւնը 180 աստիճան փոխուած է:

«Այժմ կը մտածենք եւ կը փնտռենք նախագահ մը, որ նոր Լիբանանի կառուցման կը սկսի` մեկնելով բոլոր այն զարգացումներէն, որոնք տեղի ունեցան, ըլլայ այդ ներքին մեծ փոփոխութենէն կամ սուրիական մակարդակի վրայ փոփոխութենէն, ուստի պահանջուած է ներկայ փուլի բարձրութեան վրայ եղող նախագահ է», յայտնեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը:

Պատասխանելով նախագահի պաշտօնին իր թեկնածութեան առաջադրման ժամկէտին մասին հարցումի մը` Ժահժահ ըսաւ. «Թեկնածութիւնս կը յայտարարեմ, եթէ երեսփոխանական պլոքներու նուազագոյն թիւ մը ըլլայ, որ պատրաստ է այդ թեկնածութիւնը ընդունիլ: Առաջադրուիլը հերոսութիւն չէ, եւ եթէ թեկնածութիւնս ընդունող եւ որդեգրող երեսփոխանական պլոքներու ընդունելի թիւ ըլլայ, բնականբար թեկնածութիւնս կ՛առաջադրեմ եւ ատոր պատրաստ եմ»:

Ան շեշտեց, որ այն բոլոր բաները, որոնք նախագահական թղթածրարին մէջ նախապէս սեղանի վրայ էին անցեալին կը պատկանին, եւ անցեալ փուլին առաջադրուած անունները անցեալ փուլէն մեկնած էին, իսկ այսօր մենք նոր կացութեան մէջ ենք:

«Իմ ամբողջ մաղթանքս է, որ 9 յունուարին նախագահ ընտրուի, սակայն այն զգացումը ունիմ, որ երեսփոխանական շարք մը պլոքներ հարցերուն նախկինին նման կը մօտենան, ինչ որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան չի յանգեցներ: Այս իրողութեան առջեւ, չեմ առաջարկեր եւ չեմ պահանջեր, սակայն կարելի է կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններու մասին մտածել, որովհետեւ եթէ խորհրդարանը տակաւին միայն 2022-ի խորհրդարանն է, ինչպէ՞ս կարելի է նոր կացութիւնը դիմակայել «հին» խորհրդարանով», յայտնեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը:

Նախորդը

Ժաշի. «Սիոնական Խախտումներուն Նկատմամբ Ինքնազսպումը Երկարատեւ Պիտի Չըլլայ»

Յաջորդը

Ֆրեմ. «Պաշտօնապէս Թեկնածութիւնս Կը Յայտարարեմ Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնին»

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?