Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Ժաշի յայտնեց. «Դիմադրութիւնը այսօր սիոնական խախտումներուն նկատմամբ առաւելագոյն ինքնազսպումը կը ցուցաբերէ` (զինադադարի) համաձայնութիւնը երաշխաւորող եւ անոր առնչակից կողմերուն առիթ ընծայելու համար իրենց պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնելու»:
«Ասիկա երկարատեւ պիտի չըլլայ, որովհետեւ Դիմադրութեան մարտիկները վճռած են, որ մեր ժողովուրդը հպարտ եւ արժանապատիւ ապրի մեր հողին ու երկրին մէջ, եւ բռնագրաւման տակ ապրելու ժամանակը անցնելէն ետք, բռնագրաւումը մեր մէջ տեղ չունի», շեշտեց Ժաշի:
«Դիմադրութեան մարտիկները վճռած են մինչեւ վերջ դէմ դնել թշնամիին, եւ ան, որ 2000 թուականին կրցաւ դժուարագոյն պայմաններուն մէջ Լիբանանը Պէյրութէն մինչեւ Սայտա, մինչեւ Սուր եւ հարաւային Լիբանանի հողերուն մեծամասնութիւնը ազատագրել, այսօր կրնայ մեր հողերուն մնացեալ մասը ազատագրել», ըսաւ ան:
Երեսփոխանը շեշտեց, որ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացաւ Դիմադրութեան մարտիկներուն համբերութեան, նուիրուածութեան եւ նահատակներուն թափած արեան շնորհիւ:
«Ո՛չ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, ո՛չ ՄԱԿ-ը, ո՛չ ալ ամերիկացի միջնորդը գոյացութեան ստիպեցին պատերազմը դադրեցնել, այլ մեր մարտիկներուն ու ժողովուրդին տոկունութիւնն ու հաստատակամութիւնը», նշեց Ժաշի:
Ան ըսաւ, որ յաղթանակը վճարուած գինով չի չափուիր, այլ թշնամիի նպատակներու իրագործման արգիլելու կարողութեամբ: