Սուրիոյ մէջ քաղաքական հարցերու վարչութեան բանբեր Օպայտա Առնաութ յայտնեց. «Քաղաքական հարցերու վարչութեան ներկայ փուլի աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու վերականգնման, դրացի, շրջակայ եւ աշխարհի պետութիւններուն հետ հասարակաց շահերու հիմամբ գործընկերութեան հաստատման վրայ»:
«Մեր ծրագիրը այն է, որ երկրին մէջ ամէն զէնք ըլլայ պետութեան ձեռքը, եւ աշխատանք պիտի տանինք բանակի վերակազմութեան համար», ըսաւ Առնաութ` յայտարարելով. «Կ՛ուզենք քաղաքացիական պետութիւն մը, որուն մշակոյթը համահունչ է սուրիական հասարակութեան եւ ունի զարգացման հայեցակարգ, որ կը ձգտի զայն գործադրել տարբեր մակարդակներու վրայ, ինչպէս նաեւ կը ձգտինք ձեռք ձգել եւ օգտուիլ բոլոր փորձառութիւններէն»:
Ինչ կը վերաբերի յաջորդ փուլի քաղաքական պատկերացման ու իշխանութեան ձեւին, ան ըսաւ. «Չենք ուզեր դէպքերը կանխել, սակայն նախանձախնդիր ենք համայնքային, մշակութային ու ազգային բազմազանութեան, եւ ատիկա ուժի ազդակ է, որմէ պէտք է օգտուիլ, եւ անիկա յարգանքի ու գնահատման արժանի է, եւ բոլոր քաղաքացիները պէտք է ձեռք-ձեռքի տան նոր Սուրիան կառուցելու համար»:
«Բոլոր համայնքները յարգանքի ու գնահատանքի արժանի են, եւ պէտք է ամէն թիրախաւորումէ զերծ կացուցուին: Կ՛ուզենք փակել անցեալի էջը` տեղի ունեցածին պատշաճելու համար», յայտնեց Առնաութ:
«Ասատի վարչակարգին Լիբանանի մէջ գործած ոճիրները չենք ընդունիր եւ անոնց կրկնութիւնը պիտի չարտօնենք: Մենք կը յարգենք գերիշխանութիւնը Լիբանանին, որ բարեկամական երկիր է: Նախանձախնդիր ենք պաշտօնական ու եղբայրական յարաբերութիւններուն եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմական խոր արմատներու պահպանման: Կը մերժենք Լիբանանի գերիշխանութեան նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն կամ յարձակում, եւ մեր յարաբերութիւնները պիտի հիմնուին հասարակաց շահերու վրայ», յայտարարեց Սուրիոյ քաղաքական հարցերու վարչութեան բանբերը:
«Ներկայ կառավարութիւնը կապ պիտի հաստատէ լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ` գործակցելու համար սուրիացիները չարչարած պատասխանատուներուն արտայանձնման շուրջ: Անոնք վարչակարգին մաս կը կազմէին եւ Լիբանան փախուստ տուին», յայտնեց Առնաութ:


