Եգիպտոսի նախագահի բանբեր Մոհամետ Շաննաուի յայտարարեց, որ Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանի հեռաձայնած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի: Քննարկուած է շրջանային կացութիւնը, արծարծուած են Կազայի եւ Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումները:
Երկու կողմերը ընդգծած են Կազայի մէջ անմիջական զինադադար հաստատելու, առանց նախապայմանի կամ խոչընդոտման մարդասիրական օժանդակութիւններու տարանցման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտած են Լիբանանի մէջ զինադադարը պահպանելու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան կարեւորութիւնը` զգուշացնելով շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան, ինչպէս նաեւ անոր ժողովուրդներուն կարողականութեան վրայ տագնապին շարունակման ու մագլցման հետեւանքներէն:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուած է Սուրիոյ կացութեան եւ այդ երկրին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան վերականգնման կարելիութիւններուն` երաշխաւորելով անոր գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:
Երկու ղեկավարները նաեւ նախանձախնդրութիւն յայտնած են երկկողմանի մասնաւորաբար տնտեսական, առեւտրական եւ ներդրումային յարաբերութիւններուն նկատմամբ:
Սիսի եւ Սուտանի համաձայնած են շարունակել իրենց միջեւ հաղորդակցութիւնը` հետեւելու համար հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր նիւթերուն:


