Հըզպալլան հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց` նշելով, որ Իսրայէլի սուրիական յաւելեալ հողեր գրաւելն ու Սուրիոյ զինուորական կարողութիւնները հարուածելը վտանգաւոր եւ բուռն կերպով դատապարտելի յարձակում է, եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, միջազգային ընտանիքը եւ արաբական ու իսլամական պետութիւնները կը կրեն զայն մերժելու, անոր վերջ տալու եւ ներկայ նուրբ եւ իր պատմութեան մէջ առանցքային փուլին սուրիացի ժողովուրդը պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը:
«Մենք միշտ զգուշացուցինք ամբողջ շրջանին մէջ իսրայէլեան ախորժակներէն եւ անոնց դիմադրեցինք` արգիլելու համար, որ բռնագրաւումը իր նպատակները իրագործէ, եւ կրկնեցինք, որ Կազայի վրայ յարձակումը ցեղասպանական պատերազմ է եւ մեկնակէտ` փոխելու շրջանի պատկերն ու վերջ տալու պաղեստինեան դատին», նշեց կուսակցութիւնը:
Հըզպալլա յայտնեց, որ պէտք է Իսրայէլի նպատակները իրագործել արգիլող բոլոր քայլերը որդեգրել եւ Սուրիոյ ու անոր ժողովուրդին վրայ այս յարձակումին նկատմամբ լուռ կամ դիտողի կարգավիճակին մէջ չմնալ:
Հըզպալլա նշեց, որ այն, ինչ որ այսօր Սուրիոյ մէջ ժողովրդային ու քաղաքական մակարդակներու վրայ տեղի կ՛ունենայ եւ անոնց հետեւանքով ներքին եւ արտաքին քաղաքական ընտրանքները բացառաբար սուրիացի ժողովուրդին իրաւունքն են` անկախ արտաքին որեւէ ազդակէ եւ ճնշումէ:
«Մենք կը յուսանք, որ Սուրիան որդեգրէ իր զաւակներուն եւ իր վերելքը ապահովող ընտրանքներ, եւ իսրայէլեան բռնագրաւումը մերժող դիրքորոշման տէր ըլլայ` արգիլելով իր հարցերուն մէջ արտաքին միջամտութիւնները: Պիտի շարունակենք թիկունք ըլլալ Սուրիոյ` իր ապագայի ստեղծման եւ իր թշնամիին` սիոնական գոյացութեան դիմակայման մէջ», յայտարարեց Հըզպալլա: