ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես այցելեց Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնատեղի, ուր խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Աշխարհին յայտնեցի, որ դուք բոլորդ միայն Լիբանանի մէջ Կապոյտ գիծին վրայ չէք, այլեւ խաղաղութեան համար առաջնագիծին վրայ: ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը խաղաղապահ ուժերու համար որեւէ վայրի մէջ ամէնէն շատ մարտահրաւէրներով է»:
«ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն վրայ յարձակումները բացարձակապէս անընդունելի են եւ կը խախտեն միջազգային օրէնքը եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքը, անոնք կրնան պատերազմական ոճիր ըլլալ: Հիմա, շնորհիւ մեծաւ մասամբ ձեր ջանքերուն, մենք համեմատական հանդարտութեան շրջանի մէջ ենք, որ հոգատարութեան կարիք ունի», ըսաւ Կութիերես:
«Կապոյտ գիծին ու Լիթանի գետին միջեւ զինեալ անձերու եւ լիբանանեան կառավարութեան կամ ՖԻՆԻՒԼ-ին չպատկանող զէնքերու գոյութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին բացայայտ խախտում է եւ կ՛ականահարէ Լիբանանի կայունութիւնը», յայտարարեց ան:
«Պիտի շարունակենք միջազգային ընտանիքը քաջալերել ամրապնդելու լիբանանեան զինեալ ուժերուն աջակցութիւնը: Մեր առջեւ գտնուող ճամբան մարտահրաւէրներով լեցուն է, սակայն միասնաբար կրնանք այս առիթը օգտագործել ցանկալի յառաջընթացի հասնելու համար», նշեց Կութիերես:
,


