Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 20, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

–  «ԷԼ.ՊԻ. ՍԻ.»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան հինգշաբթի օր Լիբանան պիտի այցելէ:

–  ՏԻՒՐԶԻՆԵՐՈՒ հոգեւոր պետ Սամի Ապի Մունա եւ նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ուրբաթ գիշեր հանդիպում ունեցան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Ժենին Հենես Պլասխարթի:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ ընդհանուր կացութիւնը եւ Լիբանանի ու շրջանի կայունութեան հաստատման ձգտող ջանքերու աջակցութիւնը:

–  «ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլ նշանակեալ վարչապետին  հետ ունեցած են հանդիպում մը, որ լուրջ էր ու բաց եւ շարունակութիւն պիտի ունենայ:

–  «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ հանդիպումի ընթացքին կեդրոնացած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան, ապահովական մարմիններու մէջ նշանակումներուն եւ այլ զգայուն կէտերուն վրայ, որոնք Հըզպալլան կը հետաքրքրեն, ինչպէս նաեւ անոնք քննարկած են յառաջիկայ գործակցութեան ընդհանուր գիծերը:

«Ժատիտ»-ի տեղեկութեան համաձայն, 24 նախարարներէ բաղկացած նախարարաց խորհուրդը պիտի ներառէ 5 շիի, 5 սիւննի եւ 2 տիւրզի նախարարներ: Ինչ կը վերաբերի քրիստոնեաներու չափաբաժինին, ապա որդեգրուած է 5 երեսփոխանի դիմաց մէկ նախարար կանոնը: Լիբանանեան ուժերը կը պահանջեն 4 աթոռներ, ներառեալ արտաքին գործոց եւ ուժանիւթի նախարարութիւնները, իսկ Ազգային ազատ հոսանքը` երկու աթոռներ: Բարեկարգչական երեսփոխանները պիտի ստանան քրիստոնէական երկու եւ սիւննիական մէկ աթոռ, իսկ Սլէյման Ֆրենժիէի պլոքը` մէկ աթոռ:

Գլխաւոր խնդիրը շիի երկեակին, Ազգային ազատ հոսանքին եւ Մարատա հոսանքին հետեւորդ նկատուող նախարարներու հաշուարկն է, որպէսզի անոնց թիւը կառավարութեան որոշումները արգելակելու կարող մէկ երրորդին չհասնի:

–  «ԱՐԱՊԻԱ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի վաւերացնէ լիբանանեան բանակին օժանդակութիւնները, որոնց գումարը կը հասնի 60 միլիոն եւրոյի, եւ 3 տարուան վրայ պիտի հոգայ բանակին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայման ծախսերը:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ 117 միլիոն տոլար կը յատկացնէ լիբանանեան բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերուն:

 

Նախորդը

Զինադադարի Համաձայնութեան Ուժի Մէջ Մտնելէն Ետք Կազացիները «Յաղթանակ» Կը Տօնեն

Յաջորդը

Քումաթի. «Կառչած Ենք Բանակին Հետ Գործընկերութեան Եւ Պատրաստ Ենք Բոլորին Հետ Գործակցելու Ու Պետութիւնը Կառուցելու»

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?