Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 21, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ կազմութեան հոլովոյթին հետեւող քաղաքական աղբիւրներ «Նաշրա»-ին յայտնեցին, որ տակաւին կանուխ է յառաջիկայ կառավարութեան կազմին մասին խօսելու համար, մանաւանդ որ հարցերը տակաւին յաւելեալ քննարկումի կը կարօտին, ըլլայ այդ երեսփոխանական պլոքներուն նախարարական աթոռներու բաժանման եւ իւրաքանչիւր պլոքի վստահուելիք աթոռներու ճշդման կամ նախարարաց խորհուրդին մէջ գոյութիւն ունենալիք հաւասարակշռութիւններուն:

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են. «Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ այս շաբաթ պիտի սկսի լրջօրէն կապ հաստատել քաղաքական ու կուսակցական ուժերուն հետ` որդեգրելով շիի երկեակին նկատմամբ կիրարկուած գործելաոճը, մինչ կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը ձեւաւորուի եւ անոր կազմը հրապարակուի այս շաբթուան աւարտէն առաջ»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ վճռուած է, այն է, թէ կառավարութիւնը պիտի կազմուի 24 նախարարներէ, որոնք աւելի նման են փորձագէտներու, իսկ ելեւմուտքի նախարարութիւնը բաժին պիտի իյնայ շիի համայնքին, նախարարին անունին  շուրջ համաձայնութեան գոյացումէն ետք»:

– «ԱՍԱՍ». «Բոլոր ուժերուն փոխանցուեցաւ, թէ գործընթացները պէտք է տեղի ունենան իրենց ժամկէտին, ուստի Լիբանանն ու ներքին գործոց նախարարութիւնը ինքնաբերաբար պիտի պատրաստուին մայիսին քաղաքապետական ընտրութիւններ կատարելուն»:

– ՀԶՕՐ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ասաատ Տարղամ «Ժատիտ»-ին կը յայտնէ. «Չեմ կարծեր, թէ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի միջեւ նախապէս համաձայնեցուած կառավարութեան մէկ կազմ պիտի ներկայացուի, եւ մինչեւ այս պահս, տարաձայնուածին հակառակ, անուններու եւ աթոռներու քննարկում տեղի չէ ունեցած, բացառութեամբ ելեւմուտքի նախարարութեան»:

– ԱԶԳԱՅԻՆ չափաւորականութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Պաարինի յայտնեց. «Կը զգուշացնենք փոխզիջումներն ու կառավարութեան կազմը ի վնաս սիւննի համայնքին, մասնաւորապէս Աքքարի հաշուոյն կատարելէ»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ կառավարութեան մէջ կուսակցութեան ներկայացուցչութեան չափին մասին շրջանառուող բոլոր լուրերը ճշգրիտ չեն:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարք Տաու կը նշէ, թէ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ շաբթուան վերջաւորութեան:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Անընդունելի Նկատեց Միջազգային Ընտանիքին Լռութիւնն Ու Անգործութիւնը

Յաջորդը

Ֆայեատ. «Իսրայէլի Նոյնիսկ Իր Մուտք Գործած Մէկ Թիզ Հողին Վրայ Մնալուն Հետ Պիտի Վարուինք Իբրեւ Համաձայնութեան Իսրայէլեան Ականահարում»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?