Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 18, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԿԱԹՈՂԻԿԷ լրատուական կեդրոնի ղեկավար հայր Ապտօ Ապու Քասամ «Նաշրա» կայքին յայտնեց, որ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հրաժարականին մասին բոլոր զրոյցները զինք թիրախաւորող արշաւի ծիրին մէջ են ու սխալ, որովհետեւ ան հրաժարելու մտադրութիւն չունի եւ ոչ ոք կրնայ իրմէ այդ պահանջել` շեշտելով, որ Ռային եկեղեցւոյ պետ է եւ իր որոշումին տէրը:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարք Տաու յայտնեց. «7 մայիսի կարգաւորման տապալումը կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի տապալումը, համայնքային վեթոյի տապալումը, նախարարութիւններու մենաշնորհներու տապալումը եւ զէնքի սպառնալիքի տապալում կը նշանակէ»:

– «ՍԻ. ԷՆ. ԷՆ.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն յայտնած է. «Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան գոյատեւումը կարեւոր է Կազայի համաձայնութեան գոյատեւման համար»:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարք Տաու «Նաշրա»-ին յայտնեց, որ քննարկումները ցոյց կու տան, թէ կառավարութիւնը, ըստ երեսփոխանական պլոքներու մեծամասնութեան տեսակէտին, պիտի բաղկանայ 24 նախարարներէ, եւ հաւանական է, որ մասնագէտներէ կազմուած ըլլայ:

Ան նշեց, որ տակաւին գոյութիւն ունին շարք մը մտավախութիւններ, որոնց շարքին` իսրայէլեան ուժերու հեռացումը, զէնքի յանձնումը, սահմանագծումը եւ դրամատնային ու վարչական տագնապը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ թղթածրարներ, ուստի կարելի չէ անհոգ մնալ, այլ շատ աշխատանք կայ կատարելիք:

– ՍԷՅԻՏ Ալի Ֆատլալլա ուրբաթ օրուան նամազի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանան անցնող օրերուն մուտք գործեց նոր փուլ, որ սկիզբ առաւ հանրապետութեան նախագահ ընտրութեամբ եւ շարունակուեցաւ վարչապետի մը կազմելու համար կառավարութիւն մը, որ, լիբանանցիներուն սպասումով, ըլլայ իրենց յոյսերու ու ձգտումներու մակարդակին վրայ, կարող կառավարութիւն մը, որ կարող է լուծել ապրուստի եւ անվտանգութեան մակարդակներուն վրայ իրենց դիմագրաւած սուր տագնապները»:

– ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ արաբական եւ միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի յայտնեց. «Երբեք մեր ներքին գործընկերները ճնշելու աշխատանք տանելու դիրքի վրայ չենք եղած, սակայն փոխարէնը նկատեցինք, որ շատեր կը ձգտին մեզ ճնշել, եւ կարգ մը մարդոց մաղթանքն էր, որ հաւասարակշռութենէն ջնջուինք, եւ նկատի ունեցան հանրապետութեան նախագահը առանց շիիներուն եւ պետութիւնը առանց շիիներուն, ուստի եւ առանց Դիմադրութեան ընտրելու գաղափարը»:

«Տուները նախկինէն աւելի գեղեցիկ պիտի ըլլան, հողը պիտի ազատագրուի, եւ Իսրայէլ այս հողերէն պիտի հեռանայ խաղաղութեամբ կամ պատերազմով», նշեց Մուսաուի:

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Արցախի Նախկին Պաշտօնեաներու Գործով Նախնական Դատական Նիստը

Յաջորդը

«Մեր Նպատակը Միքաթին Տապալելը Չէր, Այլ Առաջադրելը Հեղինակաւոր Անձնաւորութիւն Մը, Որ Լիբանանցիներուն Յոյս Կու Տայ» Կ՛ըսէ Ապու Ֆաուր

RelatedPosts

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

October 1, 2026
Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին  Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած  Դիրքորոշումները Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած Դիրքորոշումները Կը Հերքէ

October 1, 2026
Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի  Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.