Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ մեծարեց Իտալիոյ, Թուրքիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Հարաւային Քորէայի դեսպանները, որոնց երկիրները մասնակցեցան կեդրոնական Պէյրութի մէջ վարչապետարանին մօտ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքի վերաշինութեան:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլը, երեփոխան Ղասսան Աթալլան, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Մաարաուին, արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար դեսպան Հանի Շմայթլին եւ նախարարութենէն շարք մը դիւանագէտներ ու խորհրդատուներ:
Պու Հապիպ շնորհակալութիւն յայտնեց «բարեկամ պետութիւններուն, որոնք իւրայատուկ կերպով մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքի վերաշինութեան, մասնաւորաբար Թուրքիոյ` անոր արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի ճամբով, առանց որ նաեւ մոռնանք Իտալիան ու մնացեալ պետութիւնները»:
Ան մատնանշեց այն դժուարութիւնները, որոնց աշխատաւորները հանդիպեցան վերաշինութեան ու վերանորոգման ընթացքին` մաղթելով, որ յառաջիկայ օրերը անվտանգութիւն ու խաղաղութիւն կը բերեն «Լիբանանին, որ հաւատարիմ պիտի մնայ իր բարեկամներուն, որոնք դժուար պայմաններուն մէջ իր կողքին կանգնեցան»:
Թուրքիոյ դեսպան Մուրատ Լիւթեմ իր կարգին յայտնեց, որ ուրախ է, որ իր երկրին առիթ տրուած է Պէյրութի մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը վերաշինելու:
Ան նշեց, որ Թուրքիան Լիբանանի մէջ իրագործած է շարք մը ծրագիրներ, որոնց շարքին են ենթակառուցային ծրագիրներ եւ պատմական վայրերու վերանորոգութիւն, ինչպէս նաեւ արդիական ծրագիրներ` օգնելու Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմի պատճառով տեղահանուածներուն:
Թուրքիոյ դեսպանը ընդգծեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ կարելի բոլոր ձեւերով Լիբանանին աջակցիլ:
Հարաւային Քորէայի դեսպան Իլ Փարք յայտնեց, որ հպարտ է, որ իր երկիրը Չինաստանի, Իտալիոյ եւ Հնդկաստանի հետ մաս կազմած է այս ծրագիրին` գովաբանելով «նախարար Պու Հապիպի եւ ընդհանուր քարտուղար Հանի Շմայթլիի նուիրուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը` իրագործելու «այս հոյակապ աշխատանքը»:
Չինաստանի դեսպան Ճիան Մինճիան իր կարգին նշեց. «Բոլոր աչքերը փայլուն ապագայի համար Լիբանանի վրայ են»:
Ան յայտնեց, որ ուրախ է, որ իր երկիրը «այս ծրագիրին մաս կը կազմէ»: