Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 25, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին կառավարութեան կազմութեան ուշացումը վերագրած է լիբանանեան քաղաքական ուժերու բազմաթիւ պահանջներուն: Անոնք կառավարութեան մէջ որոշ նախարարութիւններ կ՛ուզեն ստանալ, որպէսզի իրենց դերը ազդու ըլլայ, ինչպէս կ՛ըլլար նախկին կառավարութիւններուն մէջ, կարծէք նախապէս կառավարութիւններու կազմութեան գործելաոճէն ոչինչ փոխուած է:

Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի անդամ պետութիւններու դեսպանները մօտէն կը հետեւին նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի աշխատանքին, անոնք պատրաստ են օգնութիւն տրամադրելու եւ խորհրդատուութիւն կատարելու, եթէ ան այդ մէկը խնդրէ, սակայն չեն միջամտեր մանրամասնութիւններուն, որոնք նշանակեալ վարչապետին կը վերաբերին:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Հնգեակի անդամները իրենք զիրենք առաւելագոյն պատրաստ վիճակի մէջ դրին աջակցելու Սալամի նոր կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն, եւ նպատակը յարմար առիթէն օգտուիլն է իշխանութիւնն ու փրկութեան երթը մեկնարկելու համար»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին յայտնեցին. «Սալամ արաբական զօրակցութիւն կը վայելէ եւ չի պատրաստուիր հրաժարելու, որքան ալ անոր վրայ արշաւները սաստկանան, սակայն փոխարէնը դիմակայման չի ձգտիր, այլ` իսկական արդիւնքի կառավարութեան մը, որ նախկին արգելակման միջոցներէն զուրկ է»:

– ՄԱԿ-էն աղբիւր մը «Ժազիրա»-ին. «60 օրուան պայմանաժամի աւարտէն ետք առանց միջազգային միջամտութեան Իսրայէլի Լիբանանէն հեռանալուն վերաբերեալ ցուցանիշեր չկան»:

– ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ զինուորական պատասխանատու մը «Պլումպըրկ»-ին. «Ուաշինկթըն կ՛ըսէ, թէ Լիբանանի մէջ զինադադարի շարունակման պայմանները հասունցած են»:

– ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ալի Նաասան լիբանանեան բանակի գործակցութեան եւ համակարգումի գրասենեակի տնօրէն գնդապետ-զօրավար Միշել Պութրոսի հետ գումարած է ժողով մը` քննարկելու համար Սուրիա-Լիբանան սահմանի հսկողութեան մեքանիզմը:

– ԷՄԻՐԱԹԱԿԱՆ «Էմիրէյց» օդանաւային ընկերութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ 1 փետրուարէն սկսեալ պիտի վերականգնէ դէպի Պէյրութ եւ Պաղտատ իր թռիչքները:

– «ՊԼՈՒՄՊԸՐԿ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ զարգացող շուկաներուն մէջ ենթաներդրումային կարգի պարտատոմսերու զանգուածային աճը մեծցուցած է ներդրողներու ախորժակը ամէնէն համարձակ գրաւներէն երկուքին` Վենեզուելայի եւ Լիբանանի տոլարային պարտատոմսերուն նկատմամբ:

Լիբանանի պարտատոմսերու արժէքը անցնող երեք ամսուան ընթացքին իրողապէս կրկնապատկուած է, իսկ «Ճէյ.Փի.Մորկըն Սեքիւրիթիզ» ընկերութեան աշխատակիցները Վենեզուելայի պարտատոմսերը կ՛որակեն «2025 թուականի հզօրագոյն գրաւը»:

 

Նախորդը

Զախարովան` Արցախի Ղեկավարներու Շինծու Դատավարութեան Մասին. «Պատրաստ Ենք Անհրաժեշտ Օգնութիւն Ցուցաբերելու, Սակայն Կան Խնդիրներ, Որոնք Տասնամեակներու Ընթացքին Աւելի Բարդացած Են»

Յաջորդը

Ֆայեատ. «Մարտէն Սկսեալ Լիբանանցիներուն Շուրջ 12 Ժամ Ելեկտրականութիւն Պիտի Ապահովուի»

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?