Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆայեատ. «Մարտէն Սկսեալ Լիբանանցիներուն Շուրջ 12 Ժամ Ելեկտրականութիւն Պիտի Ապահովուի»

January 25, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց. «Յառաջիկայ մարտէն սկսեալ լիբանանցիներուն շուրջ 12 ժամ ելեկտրականութիւն պիտի ապահովուի: Մատակարարումը այսօր 9-էն 10 ժամուան միջեւ է»:

«Մատակարարման յաւելումը կապուած դարձաւ յաւելեալ վառելանիւթի ապահովութեան կարելիութիւններուն, եւ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը ատոր բաւարար աջակցութիւն չտրամադրեց», նշեց Ֆայեատ:

Նախարարի պաշտօնակատարը «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը լիբանանցի ժողովուրդէն գանձած տուրքերէն 500-էն 600 միլիոն տոլար ունի»:

«Ելեկտրականութեան կացութիւնը վերադարձաւ ճիշդ ուղիին, եւ սուղ վառելանիւթն է, որ ծախսը կը բարձրացնէ, ինչ որ ալ հարկը կը բարձրացնէ», ըսաւ Ֆայեատ:

Անդրադառնալով կազի թղթածրարին` ան ըսաւ.«Թոթալ» ընկերութիւնը համաշխարհային է, անոր կեդրոնատեղին Ֆրանսայի մէջ է, եւ որոշումը կապուած է ֆրանսական քաղաքականութեան: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը կարողութիւն ունի անոր վրայ ճնշում բանեցնելու կամ համակարգում կատարելու, եթէ ճիշդ է ըսել»:

«Ամերիկայէն միլիառաւոր տոլարներ կը ներդրուին Իսրայէլի մէջ, ինչ որ անոր կարողութիւն կու տայ հորատում եւ այլ աշխատանքներ կատարելու, իսկ Կիպրոսը Իսրայէլի պատճառով տակաւին չկրցաւ կազ արտադրել, հակառակ այն իրողութեան, որ հորատման աշխատանքին մեզմէ առաջ սկսաւ», նշեց նախարարի պաշտօնակատարը:

Ան ըսաւ, որ քարիւղի եւ կազի թղթածրարին մէջ յառաջընթաց պիտի արձանագրուի միայն այն ատեն, երբ ապահովուին պայմաններ, որոնք կը գոհացնեն օտար պետութիւնները, եւ այն, ինչ որ «Թոթալ»-ը կ՛ընէ, Լիբանանի գերիշխանութիւնը կը խոցէ, եւ կան քարիւղի ու կազի որոնման աշխատանքին առնչուած շարք մը հարցեր, զորս կառավարութիւնը չորդեգրեց:

Ֆայեատ նշեց, որ հորատման ժամանակաշրջանի աւարտին Կազային թիկունք կանգնելու պատերազմը սկսաւ, ինչ որ «Թոթալ»-ը ստիպեց Լիբանանի մէջ հորատումը դադրեցնելու, «սակայն պայմանագրային յանձնառութիւններու հարցին մէջ այս ընկերութեան կողմէ թերացումներ կան»:

Ան լիբանանեան պետութեան կոչ ուղղեց` «Թոթալ»-ը հաշուետուութեան ենթարկելու եւ այս թղթածրարին մէջ յստակ կէտերու հասնելու:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ահմատ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի 14 Փետրուարին Արտասանելիք Խօսքը Պիտի Բովանդակէ Նիւթեր, Որոնց Մուսթաքպալ Հոսանքի Համակիրներն Ու Բոլոր Լիբանանցիները Կը Սպասեն»

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.