Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 24, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկեան եւ ֆրանսական կողմերը Իսրայէլի վրայ Լիբանանէն ամբողջական հեռացման ուղղութեամբ ճնշում կը բանեցնեն, եւ Ուաշինկթընէն եկող տեղեկութիւնները հաւանական կը նկատեն, որ իսրայէլացիները առաւելագոյնը 26 յունուարին հեռանան»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի ձայնասփիւռ. «Թրամփի վարչակազմը ճնշում կը բանեցնէ ըստ համաձայնութեան կիրակի օր հարաւային Լիբանանէն (իսրայէլեան ուժերու) հեռացման համար, հակառակ Պայտընի վարչակազմի` հեռացման յետաձգումին համաձայն ըլլալուն»:

– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Սէուտական Արաբիան կը խրախուսէ աւանդական քաղաքական դասէն անկախ կառավարութեան ձեւաւորումը եւ անկեղծօրէն ուշադիր պիտի հետեւի բարեփոխումներուն գործադրութեան, նախքան Լիբանանի հետ համագործակցութիւնը վերականգնելը»:

– ՌԻԱՏԻ Եամամա պալատին մօտիկ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Բուռն ալիքներու մէջ ապրող շրջանի լոյսին տակ, Սէուտական Արաբիան Լիբանանը պիտի չլքէ»:

– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Ի տարբերութիւն կառավարութեան կազմութեան նախկին գործընթացներուն, Սալամ կը գործէ հաւասարութեան սկզբունքի հիմամբ նոր մօտեցումով` պնդելով, որ անունները իրեն յանձնուին, որպէսզի զանոնք քննարկէ եւ անունները մերժէ, անուններ ընդունի եւ ուրիշներ առաջարկէ»:

– ՇԻԻ երկեակէն ղեկավար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Մեր հարցերը յստակ են, եւ մեզ կառավարութեան կազմութիւնը արգելակելով ամբաստանելը ճիշդ չէ, իսկ ելեւմուտքի նախարարութեան կառչածութիւնը ազգային հաւասարակշռութիւններու ծիրին մէջ է, մանաւանդ որ շիի համայնքը հրամանագիրներուն վրայ ստորագրութիւն չունի»:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ. «Կառավարութեան ծնունդը որոշ չափով դժուար է, եւ խնդիրը այն է, որ ոչ ոք գիտէ, թէ հանգոյցը ո՛ւր է. շիիները կ՛ըսեն, թէ Սալամի հետ փոխհասկացողութիւն գոյացուցած են, սիւննիները կը վստահեցնեն, թէ անոր հետ խնդիր չունին եւ քրիստոնէական կողմը կը շեշտէ, որ արգելակումը իր կողմէ չէ»:

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ Հըզպալլան մինչեւ հիմա իսրայէլեան յարձակումէն շուրջ 140 հազար վնասուածներու պատսպարման եւ վերանորոգման աշխատանքներու համար փոխհատուցման 400 միլիոն տոլար վճարած է: Այս գումարները վճարուած են ոչ աւելի քան 55 օրուան ընթացքին:

– «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» կը հաղորդէ, որ նախապէս նախագահ Միշել Աունի իշխանութեան նստաշրջանին մէջ դերակատարութիւն ունեցած երեք անձնաւորութիւններ այլեւս մաս կը կազմեն նախագահ Ժոզեֆ Աունի խորհրդատուներու խումբին, անոնք են` քաղաքական խորհրդատու Ժան Ազիզը, միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել Տը Շատարեւեանը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Թոնի Հատտատը»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ պետական պատկերասփիւռի կայանը երէկ ժամը 6:30-ին 24 տարուան դադարէ ետք վերսկսաւ ֆրանսերէն լեզուով լուրերու` «Լը Ժուռնալ»-ի սփռումը: Ֆրանսերէնով լուրերը պիտի սփռուին երկուշաբթիէն ուրբաթ օր, ժամը 6:30-ին:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ քաթարի դեսպան Սէուտ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի երէկ Լիբանանի խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսէյֆին ընդունելով յայտարարեց. «Ծոցի բնակիչները ամառը Լիբանան պիտի վերադառնան»:

«Կառավարութեան կազմութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լիբանանի վերակառուցման օժանդակութիւններու հոսքը», աւելցուց դեսպանը:

 

 

Նախորդը

Փեսքով. «Փութինն ու Փաշինեանը Վերջին Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին Չեն Քննարկած ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի Մասնակցութեան Ապասառեցման Թեման»

Յաջորդը

Հաժ. «Չենք Ուզեր Կառավարութիւն Մը, Որուն Մէջ Ականներ Կան»

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?